Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Պատերազմի Լեզուով

November 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահը 5 նոյեմբերին դարձեալ յայտարարեց իր երկրին զինուորական ուժը հզօրացնելու եւ Արցախի հարցը որեւէ միջոցով, ներառեալ` պատերազմով «լուծել»-ու պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Մենք ոչ մէկ տարբերակ կը բացառենք», Աղտամ շրջանին մէջ յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ` աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել մեր զինուորական կարողութիւնները, եւ կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ բանակցութիւններու կարեւորագոյն գործօններէն մէկը, որովհետեւ, դժբախտաբար, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները բոլորովին կ՛անտեսուին: Մենք պիտի հասնինք մեր փափաքած արդիւնքին: Մենք կը պահանջենք, որ մեր պատմական հողերը ազատագրուին բռնագրաւողներէն, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ»:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք, որուն ընթացքին կողմերը համաձայնած էին նուազեցնել լարուածութիւնը եւ ուղիղ կապ հաստատել, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը խուսափէր ռազմատենչ յայտարարութիւններէ:

Սակայն, Ալիեւ երկուշաբթի օր դարձեալ պնդեց, թէ Արցախի տագնապի լուծման բոլոր տարբերակները սեղանի վրայ կը մնան` յայտարարելով. «Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, ճիշդ վերլուծելով շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ամէնէն մօտ առիթին դուրս կը բերեն իրենց բռնագրաւող զօրքերը մեր հողերէն: Հակառակ պարագային, մենք պատրաստ ենք որեւէ ընտրանքի դիմելու: Բազմիցս նշած եմ եւ կը կրկնեմ, որ մենք ապագային եւս պիտի մեկուսացնենք Հայաստանը շրջանային բոլոր նախագիծերէն եւ, օգտագործելով բոլոր միջոցները, պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Առանց արտայայտուելու Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ դէմ առ դէմ հանդիպման կարելիութեան մասին` Ալիեւ պնդեց. «Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պէտք չէ կրկնեն նախորդ վարչակազմի սխալները: Անոնք պէտք է բանակցութիւններու միջոցով դուրս բերեն բռնագրաւող զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն եւ առիթ տան Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն վերադառնալու իրենց հարազատ ու պատմական բնակավայրերը: Որքան շուտ հասկնան, այդքան լաւ պիտի ըլլայ թէ՛ իրենց եւ թէ՛ շրջանին համար: Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել, թէ մենք մտադիր չենք համակերպելու այս իրավիճակին հետ»:

 

Նախորդը

Ժրայսաթի Եւ Խուրի Կը Հաստատեն, Որ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերը Պիտի Հետապնդեն

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Արցախը Մասնակցած Են Լոնտոնի Համաշխարհային Զբօսաշրջութեան Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.