Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ցաւ Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող Արգելքին Գծով

November 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելք մը ի յայտ եկած է, ինչպէս նաեւ ափսոսանք յայտնեց երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին համար:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց վերացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները` պահանջելով ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնել, դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն առօրեան, ինչ որ կ՛օժանդակէ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յուսախաբ եղած է` ի տես կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարած վերջին խոչընդոտին:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութեան ոգիով զինուելու եւ նոր կառավարութիւնը դարձնելու Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով երկրին ու ժողովուրդին մատուցուելիք նուէրը:

Խորհուրդը ցաւ յայտնեց նախարարութիւններուն միջեւ խտրութիւն դնելու մօտեցումին առնչութեամբ` շեշտելով, որ պահանջուածը համախմբուած եւ միասնականութեամբ գործող նախարարաց խորհուրդ մըն է, որուն անդամները ըլլան ատակ եւ արհեստավարժ անձնաւորութիւններ, որոնք կարենան բարեկարգումներ իրականացնել ու ժողովուրդին ծառայել եւ ոչ թէ նախարարութիւնը օգտագործել ինչպէս իրենց անձնական վաճառատունը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց նաեւ քաղաքական ցեխարձակումներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին հիմնուելու շինիչ երկխօսութեան վրայ` լուծելու համար հարցերը եւ վտանգներէ փրկելու համար Լիբանանը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Օրէնսդրական Աշխատանքի Խիստ Կարիք Կայ»

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Պահանջեց Գիշերային Զբօսավայրերուն Մէջ Անչափահասներուն Մուտքը Արգիլել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.