Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Մօտիկ Աղբիւրներ Կը Հաստատեն, Որ Ան Կը Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Միջամտել

November 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ընկերակցութեամբ ֆրանսական պատուիրակութեան մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու կրթական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակները:

Հանդիպումէն ետք Արպիտ յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Տնտեսական- ընկերային խորհուրդին կատարած աշխատանքները` պահանջելով արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի անոր աշխատանքները ընթացք առնեն եւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին հետ գործակցի:

Արպիտ յայտնեց, որ խորհուրդին եւ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ հանդիպումները առկայ են` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը կը ներկայացնէ բոլոր ուսումնասիրութիւններն ու տեսակէտները, որոնք կը վերաբերին երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն:

Արպիտ նշեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած են նաեւ խորհուրդին եւ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն հետ գործակցելու կարելիութեան անհրաժեշտութիւնը` լուծել կարենալու համար Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Արպիտ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական վիճակը ծանր է եւ զգայուն` աւելցնելով, որ իրենք յուսալքուած չեն եւ շարք մը ծրագիրներ մշակած են` այս դժուար փուլը յաղթահարելու նպատակով:

«Խորհրդարանի նախագահին բառերով, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը տնտեսական խորհրդարան է, իսկ Պըրրիի հետ գործակցութիւնը մնայուն է», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, թէ խորհրդարանի նախագահը կը մերժէ միջամտել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ կազմուելիք նախարարաց խորհուրդին մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան հարցը սառած վիճակի մէջ կը մնայ:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Եգիպտոսի Դեսպանին

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Սառած` Հակառակ Այդ Գծով Շարունակուող Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.