Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը առաջին օրէն իսկ պահանջած է կառավարութեան կազմութեան մէկ չափանիշ ճշդել` աւելցնելով, որ պէտք է անյապաղ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Քանաան շեշտեց, որ հարցերու լուծման հիմքը երկխօսութիւնն է` շեշտելով, որ երկրի Ազգային ուխտին պահպանումը կ՛երաշխաւորէ կայունութեան պահպանումը, «իսկ յաղթանակները կ՛արձանագրուին փոխադարձ գործակցութեամբ», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններն ու իշխանութեան պետերը պաշտպանելը բոլոր լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համար յաղթանակ է:
«Մենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարենք բոլորին եւ կը հաստատենք, որ քաղաքական կեանքին մէջ թշնամիներ չունինք, իսկ այս կամ այն քաղաքական ուժին հակառակորդը ըլլալը չի խանգարեր բոլորին հետ գործակցելու եւ լուծման յանգելու մեր պատրաստակամութիւնը», ընդգծեց Քանաան:



