ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան մէջ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին լուծումը:
Ան նշեց, որ կան սահմանադրական լուծումներ, որոնք կրնան աւելի դժուար ըլլալ, քան կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ ի վերջոյ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան:
Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին սիւննիական ներկայացուցչութեան թնճուկը հանգուցալուծելու:
«Կոչ կ՛ուղղեմ խորհրդարանի նախագահին այս հարցին լուծման համար ուղեգիծ մը ճշդելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ լուծումներ գտնողը, այս հարցն ալ կրնալ լուծել:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն հիմնական հարցը արտաքին աշխարհէն կախեալ ըլլալու փորձանքն է:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները կը հրատարակենք յաջորդիւ:



