Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատժամիջոցները Մտան Ուժի Մէջ. «Իրան Պիտի Շրջանցէ Պատժամիջոցները Եւ Ամերիկային Զղջալ Պիտի Տայ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

November 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք երէկ ուժի մէջ մտան, «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն խիստն են»:

«Պիտի շրջանցենք ամերիկեան պատժամիջոցները եւ Ամերիկային զղջալ պիտի տանք», ըսաւ Իրանի նախագահը` աւելցնելով. «Ամերիկան պէտք է իմանայ, թէ չի կրնար իրանցի մեծ ժողովուրդին հետ խօսիլ պատժամիջոցներու եւ ճնշումներու լեզուով»:

«Պէտք է ձախողեցնենք ծրագիրները Ամերիկայի, որ կ՛ուզէ մեր երկիրը 40 տարի ետ տանիլ, սակայն Իրանը պիտի չտկարանայ», շեշտեց ան:

«Եւրոպացի չորս ղեկավարներ միջնորդութիւն կատարեցին, որպէսզի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունենամ Թրամփի հետ, սակայն անոնց յայտնեցի, որ ատոր կարիքը չկայ, այլ խոստումները յարգելու», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Երկխօսութեան հետ հարց չունինք, սակայն միւս կողմը պէտք է նախ եւ առաջ յարգէ իր խօսքն ու խոստումները»:

«Ամերիկայի` 8 երկիրներ պատժամիջոցներէն զերծ պահելը մեր քարիւղի արտածումը զերօ դարձնելու խօսքէն նահանջ, մեզի համար յաղթանակ եւ անոր համար ընկրկում չի՞ նշանակեր», հարց տուաւ Իրանի նախագահը` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ այդ 8 երկիրները պատժամիջոցներէն զերծ չպահէին մեր քարիւղը պիտի ծախէինք»:

«Մեծ պատիւով կը խոստովանինք, որ ամերիկեան անիրաւ պատժամիջոցները կը շրջանցենք, իսկ Ամերիկան անկում կը կրէ», ըսաւ ան:

Իրանի նախագահը նշեց, որ իր երկրին կացութիւնը դիւրին չէ, որովհետեւ կան «մեծ ուժեր, որոնք մեր դէմ կը կանգնին, սակայն մեր մեծ ժողովուրդը պիտի շրջանցէ այդ մարտահրաւէրը»: «Այն, ինչ որ Ամերիկան այսօր կ՛ընէ, ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնելն է եւ ոչ թէ որեւէ ուրիշ կողմի վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պիտի ձախողին իրանցի ժողովուրդին դէմ իրենց նպատակները իրագործելու»:

«Իրան իր քարիւղը պիտի ծախէ եւ ոտնահարէ անիրաւ պատժամիջոցները», յայտարարեց Ռուհանի:

Իրանի նախագահը նաեւ ըսաւ. «Ամերիկան աջակցեցաւ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` Պոլսոյ մէջ իր երկրի հիւպատոսարանին մէջ վայրագ սպանութեան: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած վայրագ սպանութիւնը ամօթի մատնեց Ամերիկան, եւ անոնք այդ ճահիճէն պիտի չփրկուին»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւըն Մնուչին յայտնեց. «Պատժամիջոցները Իրանին պիտի ստիպեն հիւլէական ծրագիրին շուրջ նոր համաձայնութիւն կնքելու, եւ անոնց նպատակը իրանեան յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի եւ Յեղափոխական պահակագունդի վարմունքը փոխելն է»:

«Մեր նպատակը Իրանի քարիւղի արտածումները մօտ օրէն զերոյի հասցնելն է», նշեց ան:

«Հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը Իրանին կարողութիւնը տուաւ ահաբեկչութեան աջակցելու, իսկ պատժամիջոցները պիտի արգիլեն զայն ֆինանսաւորել», ըսաւ Մնուչին:

Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Բրիտանիան յայտնեցին, որ յանձնառու կը մնան հիւլէական ծրագիրի համաձայնութեան գործադրութեան եւ կ՛ակնկալեն, որ Իրան շինիչ դերակատարութիւն ունենայ եւ շարունակէ իր բոլոր յանձնառութիւնները լիովին կատարել:

 

 

Նախորդը

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Վճռական Հարուած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Իրանի Գործունէութեան» Կ՛ըսէ Լիպըրման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.