Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մտադիր են մինչեւ 2030 թուական աւելցնել քարիւղի արտադրութեան ծաւալները` օրական մինչեւ 5 միլիոն տակառով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Նահիան իշխանը:
«Գերագոյն քարիւղային խորհուրդը հաստատած է 486 միլիառ տիրհամի դրամագլուխի ծախսերը` աջակցելու համար 5-ամեայ հեռանկարին մէջ քարիւղի արտադրութեան ծաւալներու հարստացման ծրագիրներուն, ներառեալ կազի արտածման վերաբերեալ ընկերութեան նպատակները», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է իշխանը:
Նախապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժանիւթի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը տեղեկացուցած էր, որ մինչեւ տարեվերջ երկրի արտածման ծաւալները պիտի կազմեն օրական մօտաւորապէս 3,5 միլիոն տակառ:



