Իտալիոյ քաղաքային պաշտպանութեան գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Իտալիան հարուածած եւ մեծ վնասներ պատճառած փոթորիկին պատճառով յաւելեալ երկու զոհեր յայտնաբերուած են, եւ այդպիսով զոհերուն թիւը բարձրացած է 17-ի:
Գործակալութիւնը յայտնեց, որ գերմանացի մը մահացած է, երբ Սարտենիա կղզիին մէջ կայծակնահար եղած է, իսկ այլ անձ մը հիւանդանոցին մէջ մահացած է` քանի մը օր առաջ իր կարգին կայծակնահար ըլլալէ ետք:
Իտալիոյ հողագործներու «Քոլիրեթի» միութիւնը հաղորդեց, որ փոթորիկը ծանր վնաս հասցուցած է շուրջ 14 միլիոն ծառերու, որոնց մեծամասնութիւնը երկրին ծայրագոյն հիւսիսը կը գտնուի:
Միութիւնը նաեւ նշեց. «Կացութիւնը իր բնական իրավիճակին վերադառնալու համար առնուազն մէկ դարու պիտի կարօտի»:



