Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով երկրի 81 նահանգներէն 31-ը այսուհետեւ պիտի ունենան նոր նահանգապետներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թիւրքիյէկազեթեսի» կայքը:
Յատկանշական է, որ Էրտողան փոխած է նաեւ Անգարայի եւ Պոլսոյ նահանգապետները: Կը նշուի, որ ընդհանուր առմամբ աշխատանքէ հեռացուած է 21 նահանգապետ, մնացեալները վերանշանակուած են այլ նահանգներու մէջ:
Այսպիսով, Անգարայի նոր նահանգապետն է Պոլսոյ արդէն նախկին ղեկավար Վասիփ Շահինը, անոր փոխարէն Պոլսոյ նահանգապետարանը պիտի գլխաւորէ Այնթապի նախկին նահանգապետ Ալի Երլիքայան:
Փոխուած են նաեւ Մանիսայի, Ալեքսանտրեթի, Արտուինի, Պուրսայի, Էրզրումի, Մալաթիոյ, Տրապիզոնի, Թեքիրտաղի, Եալովայի, Բիւրակնի եւ շարք մը այլ նահանգներու ղեկավարները:



