Եուրի Խաչատուրով ազատ կացուցուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն: Այս մասին կը յայտնէ ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքը:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւններու կատարումը վստահուած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովին:
Վերջինս չբացառեց, որ կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի հարցը քննարկուի 8 նոյեմբերին, Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ժամանակ:



