Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած Են Շրջան Կատարած Այցելութեան Առիթով

November 3, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (ԱՄՆ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ յայտարարութիւն տարածած են շրջան` Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու այցելութեան առիթով:

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր քննարկել սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ ԱՊՀ վեհաժողովին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու զրոյցին արդիւնքները, նախանշել  ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման միտուած հետագայ քայլերը եւ գնահատել առկայ իրավիճակը: Համանախագահները յիշեցուցած են, որ շրջանային այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած են  Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, խորհրդակցութիւններ ունեցած երկու երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան  նախարարներուն հետ, հանդիպում ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ, հետեւած են սահմանագիծին մէջ զինադադարի պահպանման դրութեան` դիտորդական առաքելութեան ընթացքին:

«Երկու երկիրներու ղեկավարները հաստատած են, որ սահմանագիծին մէջ լարուածութեան մակարդակը զգալիօրէն նուազած է, քանի որ Տուշանպէի մէջ վերահաստատած են լարուածութիւնը մեղմացնելու իրենց յանձնառութիւնը: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին  համանախագահները լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ստացած են  Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու  իրականացման ուղղութեամբ, այդ կարգին` ուղիղ կապի հաստատման վերաբերեալ: Համանախագահները ողջունած են տեղի ունեցող զարգացումները, բարձր գնահատած կառուցողական միջոցառումներ իրականացնելու կողմերու բարեխիղճ քայլերը եւ աջակցութիւն յայտնած  առաջնորդներուն` երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ»,  «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ բանակցութիւններու համար ընդգծած են փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի պահպանման կարեւորութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են, որ մինչեւ տարեվերջ հանդիպում մը պիտի ունենան:

 

Նախորդը

«Քանի Տակաւին Հայաստանի Մէջ Ներքաղաքական Վիճակը Չէ Կայունացած, Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Համաձայնութեան Ձեռքբերումը Դժուար Թէ Կարելի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Պաքու Հայաստանին Կ՛առաջարկէ Փոխանակել Գերիները

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.