Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Հայաստանին Կ՛առաջարկէ Փոխանակել Գերիները

November 3, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Պաքու առաջարկած է Հայաստանին` փոխանակել երկու կողմերուն ձերբակալուած անձերը եւ գերիները` «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով:

Իր տեղեկութիւնը «լաւատեղեակ աղբիւր»-ի մը վերագրած գործակալութիւնը աւելցուցած է, որ Երեւան ցարդ չէ պատասխանած:

Ներկայիս Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին Հայաստանի երեք քաղաքացիներ` Արսէն Բաղդասարեան, Կարէն Ղազարեան եւ Զաւէն Կարապետեան: Պաքու զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ սահմանախախտներ: Անոնք ձերբակալուած են յաջորդաբար 2014-ին, 2017-ին եւ 2018-ին:

Արսէն Բաղդասարեան դատապարտուած է 5 տարուան բանտարկութեան, իսկ Կարէն Ղազարեան կը մեղադրուի Ազրպէյճանի դէմ յանցագործութիւններ իրականացնելու ամբաստանութեամբ. անոր դատը կը շարունակուի:

Զաւէն Կարապետեան զինուորական չէ, եւ անոր կարգավիճակի որոշման շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին:

Հայաստանի մէջ ներկայիս կը գտնուին երեք ազրպէյճանցի քաղաքացիներ: Շահպազ Կուլիեւ եւ Տիլկամ Ասքերով (ունի նաեւ Ռուսիոյ հպատակութիւն) գերի ինկած են 2014-ին: Զէնք կրելու, սահմանը ապօրինի հատելու, լրտեսութեան եւ մարդիկ առեւանգելու յանցանքներով Կուլիեւ դատապարտուած է 22 տարուան, իսկ Ասքերով` ցմահ բանտարկութեան: Երրորդը Էլնուր Հուսէյնզատէն է:

Յովհաննիսեան. «Եթէ Հայաստանի Մէջ Գէթ Մէկ Ռազմագերի Ըլլար, Հայկական Կողմը
Պատրաստակամութիւն Պիտի Յայտնէր Ռազմագերիները Փոխանակելու»

Եթէ Հայաստանի մէջ գէթ մէկ ռազմագերի ըլլար, ապա հայկական կողմը պատրաստակամութիւն պիտի յայտնէր ռազմագերիները փոխանակելու համար. այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Ճիշդ է, Ազրպէյճան շատոնց տուած է այդ թիւերը: Անոնք ծիծաղ կը յառաջացնեն, եթէ չվերաբերէին մարդոց ճակատագիրներուն: Մենք այդքան անլուրջ չենք վերաբերիր մարդկային կեանքերուն: Եթէ  Հայաստանի մէջ գէթ մէկ ռազմագերի ըլլար, ապա հայկական կողմը պատրաստակամութիւն պիտի յայտնէր ռազմագերիները փոխանակելու համար, համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուէին: Թիւերուն լիարժէք կը տիրապետէ Արցախը, եւ կը կարծեմ Դաւիթ Բաբայեանը այդ մասին տուած է համապատասխան մեկնաբանութիւն», գրած է ան:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած Են Շրջան Կատարած Այցելութեան Առիթով

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեանը Լիբանանի Մէջ Ստորագրած Է Ռազմական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.