Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իպրահիմ. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Դիւրին Չէ, Իսկ Անոր Դիմագրաւումը Օրէնքի Ու Որոշումի Ճամբով` Պատրանք Է»

November 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու «Ամն Աամ» պարբերաթերթը հրապարակած է իր 62-րդ թիւը, որ կ՛ընդգրկէ նախագահ զօր. Միշել Աունին պաշտօնավարութեան երկու տարուան թղթածրարը, ուր նախկին նախարար եւ նախագահի խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ կը խօսի արտաքին քաղաքականութեան ձեռքբերումներուն, նախագահի խորհրդատու Միրէյ Աուն կը խօսի ներքին քաղաքական ձեռքբերումներուն, իսկ հանգստեան կոչուած զօրավար Շարլ Ապի Նատեր կը խօսի զինուորական եւ ապահովական ձեռքբերումներուն մասին:

Նախաբանին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը խօսի փտածութեան եւ անոր աւերներուն մասին` նշելով, որ փտածութիւնը առաջին ու հիմնական պատճառն է մշակոյթներուն անկման: Փտածութեան դէմ պայքարը դիւրին չէ, իսկ հաւատալը, որ օրէնքն ու որոշումը պիտի վերացնեն փտածութիւնը` պատրանք է: Թափանցիկութիւնը կ՛իրականանայ սահմանադրական հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ միայն` օրէնքի ներքեւ, վերահսկիչ մարմիններով եւ ժամանակակից օրէնսդրական յօդուածներով: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան զուգահեռաբար համազգային զարթօնքով, որուն ստեղծման պարտաւորութիւնը կ՛իյնայ այն բոլոր ուժերուն վրայ, որոնք խորհրդարան մուտք կը գործեն Լիբանանը փտածութենէն ազատագրելու կարգախօսին տակ, կը գրէ ընդհանուր տնօրէնը:

Թիւը կը բովանդակէ նաեւ նիւթեր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին եւ հոն առնուած Պէյրութը Ֆրանսախօս երկիրներու շրջանային կեդրոն դարձնելու որոշումին մասին:

Երեսփոխան Ճորճ Աքիս կը գրէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կազմած խորհրդարանական համախմբումին եւ մինչեւ օրս 50 հազար սուրիացիներուն տունդարձին մասին:

Լիբանանի մէջ Նիկերիոյ դեսպան Կոնի Մոտու Զաննա Պուրա կը գրէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մասին:

Ինչ կը վերաբերի դատերու, պարբերաբերթը կ՛արծարծէ նիւթեր ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կիրարկած ապահովական քաղաքականութեան, ապահովական ուժերու վարժութիւններու, թմրամոլութեան դէմ պայքարի օրէնքներու եւ ապահովական ուժերու Պշարրիի կեդրոնին մասին:

Այլ նիւթերու կողքին, «Ամն Աամ»-ի այս թիւին մէջ լոյս տեսած են վիճակագրութիւններ, կեղծ փաստաթուղթեր, հետաքննութիւններ, ինչպէս նաեւ արուեստի, մշակոյթի, առողջապահական, մարզական, սննդականոնի եւ տնտեսութեան մասին յօդուածներ:

 

Նախորդը

«Յոյսով Ենք, Որ Էրտողան Կը Հասկնայ, Թէ Միացեալ Նահանգներ Աւելի Լաւ Գործընկեր Են, Քան Իրանը» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Յաջորդը

Վիճակագրական Հետազօտութիւններու Եւ Վարժութիւններու Արաբական Հիմնարկի Վարչական Խորհուրդի Ժողով

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.