Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկներէն Քլէյ Թոմսըն Շիքակօ Պուլզի դէմ նշանակեց 52 կէտ:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած այս մրցումին առնչութեամբ երկրին վիճակագրութեան կայքը հաղորդեց, որ Թոմսըն այդ մրցումին հաստատեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր մրցանիշ մը` գերազանցելով իր խմբակիցին` Սթեֆըն Քարիի հաստատած մրցանիշը: Վերջինս մրցումի մը ընթացքին նշանակած էր 13 թրի փոյնթ:
Թոմսըն գերազանցեց Քարիին` այդ մրցումին նշանակելով 14 թրի փոյնթ (24 փորձերէ ետք):



