Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի յառաջատարներ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ռուսական խանթի Մանսիսքի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան, որ պիտի ընթանայ նաք-աութի դրութեամբ, յայտնեց մրցաշարքի կայքը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 3-23 նոյեմբերին:
Ա. հանգրուանին Դանիէլեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հոան Թրան (Հունգարիա), իսկ Մկրտչեանի մրցակիցը` Աննա Ուշենինա (Ուքրանիա):
Մրցակիցները իրարու դէմ կը կատարեն երկուքական մրցում` ճերմակ եւ սեւ քարերով: Հաւասարութեան պարագային տեղի կ՛ունենայ թայ-պրէյքի մրցում:



