Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Են Արցախի Ղեկավարութեան Հետ

November 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք երեքշաբթի օր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:

Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` միջնորդներուն հետ նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումին քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, Արցախի ու Ազրպէյճանի սահմաններուն տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ` վերստին կարեւոր նկատելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի մասնակցութիւնը տագնապի լուծման բոլոր փուլերուն:

Սահակեան կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան պահպանման ուղղուած մեքանիզմներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:

Մասիս Մայիլեան համանախագահներուն հետ հանդիպումին ընդգծած է Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցութիւններու եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, որ ժամանակին ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարին  գնահատումով` Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթի բոլոր փուլերուն կարեւոր է նաեւ շրջանային խաղաղութեան պահպանման համար պատասխանատուութիւնը կիսելու տեսանկիւնէն:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են տագնապի լուծման հոլովոյթի յառաջ մղումին համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման շուրջ: Այս շրջագիծին մէջ Մայիլեան նշած է, որ ժամանակն է վերատեսութեան ենթարկել բանակցային հոլովոյթին հետ կապուած որոշ մօտեցումներ` համոզում յայտնելով, որ լուծման կիզակէտը պէտք է ըլլայ Արցախի ու անոր  ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

Լեւոն Մնացականեան միջնորդներուն հետ հանդիպումին ողջունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, շնորհակալութիւն յայտնած վերջիններուս առաջնագիծին տիրող իրադրութեան կայունացման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար, այնուհետեւ  անդրադարձած արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին:

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Համաներում Յայտարարելու Մասին Օրէնքի Նախագիծը

Յաջորդը

Արթուր Դալալոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.