Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերու աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգսեան հանդիսացաւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան:
Միջազգային վարպետը առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով կէս կէտով գերազանցեց ուքրանացի Վիքթոր Մաթվիիշենին, որ գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Շանթ Սարգսեան արձանագրեց 7 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն` առանց պարտութիւն կրելու:



