Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Գործակցիլ Հայաստանի Հետ` Տարբեր Ծրագիրներ Իրականացնելով

October 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի Վայոց ձորի մարզին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի յառաջընթացին, եւ որ ներկայի կառավարութեան հետ կը քննարկուի հիւսիսային մարզերուն մէջ օրկանական գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու վերաբերեալ ծրագիրը:

«Եւրոպական Միութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի մեծագոյն նուիրատուն: Մենք յանձն առած ենք շարունակել այդ աջակցութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի օրկանական գիւղատնտեսութիւնը կրնայ մեծ յառաջընթաց ապահովել Հայաստանի համար, կը հաւատանք, որ հայկական գիւղամթերքը կրնայ տարբեր երկիրներու շուկաներ մուտք գործել: Մենք նոր կառավարութեան հետ կը կատարենք քննարկումներ, որոնք կը վերաբերին 2018-ի գիւղատնտեսական ռազմավարութեան: Գիւղատնտեսական ոլորտը առաջնային հարցերէն մէկն է: Մենք կը քննարկենք տարբեր գաղափարներ, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի հիւսիսային մարզերուն` Տաւուշի, Շիրակի եւ Լոռիի մէջ, օրկանական գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները», ըսած է Սվիթալսքի ու յոյս յայտնած, որ մօտակայ ամիսներուն պիտի աւարտին այդ քննարկումները:

Ան նաեւ խօսած է նոր կառավարութեան կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակութեան մասին` յայտնելով, որ անիկա յատկանշուած է ճկունութեամբ եւ գործնականութեամբ. դեսպանը նաեւ դիտել տուած է, որ միութիւնը բաւարարուած է այս համագործակցութեամբ:

«Մենք առաջարկեցինք, որ ներքաղաքական փոփոխութիւններէն ետք կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ նախապէս քննարկուած ծրագիրները: Եւ հասկնալի է, որ նոր կառավարութիւնը ամրան բաւական զբաղած էր: Կրնամ ըսել, որ 2018-ի տարեկան գործունէութեան ծրագիրին մէջ հիմնականօրէն կ՛արտացոլային նախապէս կատարած մեր աշխատանքները: Նոր կազմը որոշ փոփոխութիւններ ներկայացուց, մեզի համար` ընդունելի: Քանի որ նոր կառավարութիւնը ճկունութիւն ցուցաբերեց եւ գործնական մօտեցում, կրնամ ըսել, որ բաւարարուած եմ մեր համագործակցութեամբ», յայտնած է Փ. Սվիթալսքի ու աւելցուցած, որ նոր կառավարութեան հետ նաեւ կը քննարկուի 2019-ի գործունէութեան ծրագիրը:

Դեսպանը նկատել տուած է, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը իր առաջնահերթութիւնները սահմանելու համար բաւական ընդարձակ սահմաններ գծած է: Եւրոպական Միութիւնը կառավարութեան առաջարկած է նաեւ վերատեսութեան ենթարկել պիւտճէական աջակցութիւններու ծրագիրները: «Ասիկա, ի հարկէ, աննախադէպ էր: Մենք սովորաբար նման գործողութիւններու չենք դիմեր նոր կառավարութիւններուն հետ: Բայց մենք կը հասկնանք, որ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է: Կառավարութեան կողմէ ստացած ենք նոր փաստաթուղթեր` տարբեր ոլորտներու զարգացման վերաբերող: Գոհ ենք անկէ: Առաջին հայեացքով լաւ տպաւորութիւն ստացած եմ այդ առաջարկներէն: Իրենց պահանջները ընդունելի են», ըսած է ան:

Դեսպանը երկու կողմերուն կապերը բաւական կառուցողական գնահատած է` աւելցնելով, որ համոզուած է, թէ նոր կառավարութիւնը լաւատեղեակ է եւ կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Քննարկում` Արցախի Հետ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցերու

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան` Կրկին Վարչապետի Թեկնածու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.