Բռնագրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը` առ ի մերժում իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Սուրիական Կոլանի բնակիչները Մաժտալ Շամսի մէջ նստացոյց կը կատարեն եւ իրենց սուրիական արաբական ինքնութեան կառչածութիւնը ընդգծելով կտրուկ կերպով կը մերժեն այսօր նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնը, զոր իսրայէլեան իշխանութիւնները կ՛ուզեն պարտադրել անոնց վրայ»:
Իսրայէլեան ուժերը տեղակայուեցան ցուցարարներուն դիմաց եւ անոնցմէ պահանջեցին հեռանալ, ապա բռնի ուժ կիրարկեցին:
Միւս կողմէ, բռնագրաւեալ Կոլանի Մասհատա եւ Պաքհաթա գիւղերուն մէջ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւնները ջնջուեցան` բոլոր թեկնածուներուն իրենց թեկնածութեան յետս կոչման պատճառով:



