Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Ընդհանուր Դատախազը Խոստովանեցաւ, Որ Խաշոկճիի Սպանութիւնը Կանխամտածուած Էր» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

October 30, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ Ապտալլա պըն Մուպարաք Մուհժապի Թուրքիա այցելութիւնը կարեւոր է եւ տեղի ունեցաւ Ռիատի խնդրանքով, եւ կը մաղթենք, որ ժամանակի վատնում չըլլայ եւ կարելի եղածին չափ շուտ արդիւնաւորուի»:

«Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազը խոստովանեցաւ, որ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը կանխատմածուած էր», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ուսերուն վրայ մեծ պատասխանատուութիւն կայ, որովհետեւ ամբաստանեալները անոր մօտ կալանաւորուած են:

«Սէուտական Արաբիան պէտք է Խաշոկճիի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնէ», նշեց ան:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազը երէկ արշալոյսին հասաւ Պոլիս: Ան օրուան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազ Արֆան Ֆիտանի հետ. անոնք միասնաբար հետաքննեցին Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանի շէնքը:

Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազի գրասենեակէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազին հետ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի հարցով մեր հանդիպումը գոհացուցիչ չէր: Սէուտցի ընդհանուր դատախազը մեր ակնկալածին նման 18 ամբաստանեալներուն վկայութիւնները չներկայացուց»:

 

Նախորդը

Կուաթեմալայի Եւ Մեքսիքայի Սահմանին Վրայ Ոստիկանութեան Հետ Բախումներու Ժամանակ Զոհուած Է Ներգաղթեալ Մը

Յաջորդը

Ֆուշիէ. «Մաքրոն Լիբանան Պիտի Այցելէ Ու Ֆրանսախօսութեան Վերաբերեալ Ճամբու Քարտէսի Փաստաթուղթը Ստորագրէ»

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.