Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պեռնի Մէջ Դասախօսեց Միջեկեղեցական Շարժումին Մասին

October 29, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պեռն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, քաղաքի մայր տաճարին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ միջեկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակին մասին:

Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նաեւ մասնակցեցան վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը` Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր դասախօսութեան սկիզբը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց պատմութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցած բաժանումներուն վրայ, որոնք, աստուածաբանական հարցերու առընթեր, նաեւ աշխարհաքաղաքական պատճառներ ունէին: Հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին իր ներքին միութիւնը եւ քրիստոսակեդրոն կեանքն ու առաքելութիւնը պահեց, – ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ի խնդիր եկեղեցւոյ ամբողջական միութեան վերահաստատման, պատմութեան ընթացքին եղան բազմաթիւ փորձեր, ներառեալ` հայ եւ յոյն, հայ եւ լատին եկեղեցիներուն միջեւ, սակայն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անցեալէն եկող բաժանումները շարունակուեցան:

«Էքիւմենիք» անունով ծանօթ շարժումը 20-րդ դարու եկեղեցւոյ կեանքին ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձաւ», -ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Այս շարժումին գլխաւոր նպատակը, եկեղեցւոյ միութիւնը ըլլալով, նաեւ կը հետապնդէ գործակցութիւն, յարաբերութիւն, փոխադարձ հասկացողութիւն, փոխադարձ ճանաչում եւ եկեղեցիները յուզող կարեւոր հարցերու շուրջ հասարակաց մօտեցումներու որդեգրում: Այլ խօսքով, «էքիւմենիք» շարժումը եկեղեցիները դուրս բերաւ երկար դարերու ինքնակղզիացումէն եւ գործակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով եկեղեցիները սկսաւ առաջնորդել միութիւն տանող ճամբէն:

Խօսելով միութեան մասին` կաթողիկոսը ըսաւ, թէ միութիւնը միաձեւութիւն կամ միօրինակութիւն չէ. ոչ կազմակերպչական, ոչ ծիսական եւ ոչ ալ աստուածաբանական միաձեւութեան հաստատումն է: Անհրաժեշտութիւն է զանազանութիւնը պահել ամէն իմաստով, սակայն եկեղեցւոյ դաւանանքին պատկանող հիմնական հարցերուն շուրջ անհրաժեշտ է համաձայնութեան եզրեր գտնել. ապա աւելցուց, թէ սա երկար ընթացք մըն է, որ կ՛ենթադրէ սերտ գործակցութիւն եկեղեցիներուն միջեւ:

Արամ Ա. կաթողիկոս ցաւ յայտնեց, որ միջեկեղեցական շարժումին նկատմամբ եկեղեցիներուն հետաքրքրութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել` նկատի ունենալով միջկրօնական երկխօսութեան հրամայականը ներկայ աշխարհի նոր իրականութիւններուն դիմաց: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ միջեկեղեցական կառոյցներու տկարացումին, որուն բացասական հետեւանքները զգալի են զանազան շրջաններու մէջ: Այս կացութեան դիմաց վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց «էքիւմենիք» ոգիին վերաշեշտումը, որովհետեւ ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցիներ չեն կրնար ապրիլ ինքնակղզիացման մէջ: Գործակցութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

Իր պարզած կէտերը վեհափառը աւելի լայնօրէն վերլուծեց` երբեմն յստակ օրինակներ տալով:

Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ դոկտ. Հարըլտ եպիսկոպոս Ռայընին միջեւ: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Յայտնենք, որ դասախօսութեան կրօնական ու պետական անձնաւորութիւններու շարքին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռոլա Նուրըտտինը եւ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Անահիտ Յարութիւնեանը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Նոր Բարեկամները` Ըստ Ճոն Պոլթընի

Յաջորդը

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն.

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.