Աթէնք յայտարարած է, որ իր բացառիկ տնտեսական գօտիի սահմանները որոշելու ընթացքին Յունաստան մտադիր չէ հաշուի առնել միջազգային իրաւունքը խախտող Թուրքիոյ տեսութիւնները:
Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը հինգշաբթի, պատասխանելով Յունաստանի մէջ նոր ամերիկեան ռազմակայաններու մասին հարցումին, յայտարարած է, որ Աթէնք պէտք է հետեւի կղզիներու ապառազմականացման վերաբերող համաձայնութիւններուն, յարգէ միջազգային իրաւունքը, սադրանքներ չկատարէ:
Թուրք նախարարը նախապէս յայտնած էր, որ Անգարան անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ Յունաստան խախտէ Եգէական ծովուն առնչուած իր իրաւունքը` նկատի ունենալով տարածքային ջուրերը 12 մղոնով ընդլայնելու մտադրութիւնը: Ան նաեւ նախազգուշացուցած է, որ Թուրքիան այլեւս պիտի չհանդուրժէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ թրքական նաւերու նկատմամբ սպառնալիքը:
«Յունաստանի բացառիկ տնտեսական գօտիի սահմանագծումը, ընդհանուր առմամբ, պիտի կատարուի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ եւ, ի հարկէ, առանց հաշուի առնելու անհիմն եւ կամայական տեսութիւնները, զորս որդեգրած է միջազգային իրաւունքը խախտող Թուրքիան», յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:



