Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Վրաստան Դառնայ ՕԹԱՆ-ի Անդամ Ռուսիան Պիտի Գիտակցի, Որ Մենք Դրացի Ենք, Եւ Ոչ Թէ Տարածք, Որուն Պէտք Է Վերահսկել» Կ՛ըսէ Պաքրածէ

October 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Վրաստան կուսակցութեան Վրաստանի նախագահութեան թեկնածու Դաւիթ Պաքրածէ յայտարարած է, որ իրենց առաջնային նպատակներէն է` «տեղի չտալ Ռուսիոյ խաղերուն, իբր թէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը կապ ունի տարածքային ամբողջականութեան զիջման հետ», կը գրէ վրացական «Ափսնի» կայքը:

«Իբրեւ նախագահ` իմ գլխաւոր խնդիրներէս պիտի ըլլայ արագացնել Վրաստանի անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին եւ Եւրոպական Միութեան: Մենք նաեւ պէտք է հասկնանք, որ այս երկու կառոյցներուն անդամակցութիւնը միայն անվտանգութիւն չ՛ապահովեր, ատիկա նաեւ տնտեսական զարգացում կը բերէ», ըսած է Պաքրածէ:

Ան նաեւ համոզում յայտնած է, որ այն պահէն, երբ Վրաստանը կը դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ, Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ գիտակցիլ, որ Վրաստանը դրացի է, եւ ոչ թէ տարածք, որուն պէտք է վերահսկել:

«Ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ին մեր ապագայ անդամակցութեան` մեր նպատակն է տեղի չտալ Ռուսիոյ խաղին, ըստ որուն, իբր թէ ՕԹԱՆ-ին մեր անդամակցութիւնը կապուած է տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ զիջումներու: Ոչ մէկ զիջում պիտի ըլլայ: Վրաստանի համար խաղաղութեան ու բարեկեցութեան բանաձեւը այն է, ինչ որ ըրին Արեւելեան Եւրոպան, Պալթեան երկիրները», ըսած է Վրաստանի նախագահութեան թեկնածուն:

Նշենք, որ Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 նոյեմբերին:

 

Նախորդը

2017-ին Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Առեւտրաշրջանառութիւնը Աւելցած Է 12 Առ Հարիւրով

Յաջորդը

Ամերիկեան Կղզի Մը` Ովկիանոսին Յատակը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.