Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դասախօսեց Պեռնի Համալսարանին Մէջ

October 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս, չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Զուիցերիա` ընդառաջելով Զուիցերիոյ Հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրին:

Վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ վեհափառի գաւազանակիրը Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան եւ Արմէնօֆասի նախագահ Փրոֆ. Թենի Սիմոնեան:

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Միջին Արեւելքի ու քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ` ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին:

Իր խօսքին սկիզբը վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ նիւթի մասին խօսիլը դիւրին չէ, որովհետեւ ան բարդ շրջան մըն է եւ այսպէս եղած է իր պատմութեան ընթացքին: Կրօններ, մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ, ցեղախումբեր, քաղաքական ուժեր ներկայութիւն եղած են շրջանին մէջ եւ յաճախ` բախումի մէջ: 10-րդ դարէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին եւս մաս կազմած են Միջին Արեւելքի բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան ու յաճախ կրած են ազդեցութիւնը բախումներու ու բեւեռացումներու: Լայն չափով նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր Միջին Արեւելքը, շեշտեց վեհափառը եւ ապա յիշեցուց, թէ կրօնքը առանցքային դեր ունի ընկերութեան կեանքին մէջ: Կրօնք ու քաղաքականութիւն սերտօրէն առնչուած են, յատկապէս իսլամութեան պարագային եւ շրջանը դիմագրաւող հարցերուն միջեւ ներքին յարակցութիւնը շրջանի կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է:

Յիշեալ կացութիւնը կ՛ենթադրէ, որ մեր մօտեցումը Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ հարցի նկատմամբ կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենանք պատմական հոլովոյթը եւ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ քրիստոնէութեան տեղն ու դերը, ըսաւ վեհափառը:

Ապա, հայրապետը ընդհանուր ներածականէն ետք անդրադարձաւ հետեւեալ կարեւոր կէտերուն. Ա) Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է միաստուածեան երեք կրօններուն` հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան: Բ) Քրիստոնէութեան ինքնակազմակերպման եւ մտածողութեան զարգացման հոլովոյթը սերտօրէն առնչուած է Միջին Արեւելքին: Գ) Քրիստոնէութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է շրջանին մէջ տեղի ունեցած պատմական կարեւոր իրադարձութիւններու գծով: Դ) Երկար դարեր քրիստոնէութիւնը այլ մշակոյթներու ու կրօններու հետ մնայուն երկխօսութեան մէջ եղած է:

Յիշեալ իւրաքանչիւր կէտին շուրջ վեհափառ հայրապետը կատարեց իր մեկնաբանութիւնը` որպէս շօշափելի օրինակ տալով հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին Կիլիկիոյ մէջ` նշելով, որ հայ եկեղեցւոյ նման շրջանի բոլոր եկեղեցիները պահելով հանդերձ իրենց աստուածաբանական ու մշակութային իւրայատկութիւնները, մնայուն յարաբերութիւն մշակեցին թէ՛ իրենց անմիջական շրջապատին եւ թէ Եւրոպայի հետ, եւ բնականաբար ենթակայ ըլլալով ազդեցութիւններու:

Իր դասախօսութեան երրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ, թէ արտագաղթը դէպի արեւմտեան երկիրներ մնայուն մտահոգութիւն եղած է շրջանի քրիստոնէութեան համար: Երկրորդ, քրիստոնեայ համայնքները երբեք չեն ընդունիր փոքրամասնութիւն նկատուելու իրողութիւնը, յատկապէս քաղաքական մօտեցումով: Երրորդ, որպէս շրջանի երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ, քրիստոնեաները իրենց պարտաւորութեանց առընթեր միշտ պահանջատէր եղած են իրենց իրաւունքներուն, սակայն, դժբախտաբար, ցարդ անոնք կը մնան իրաւազրկուած: Չորրորդ, շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ հաստատուած կրթական, ընկերային, առողջապահական ու մարդասիրական հաստատութիւնները նկատուած են լաւագոյնը, նոյնիսկ յարաբերաբար պետական հաստատութիւններու: Անոնք այսօր կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ: Հինգերորդ, իսլամներուն նման քրիստոնեաները եւս ենթակայ են ծայրայեղականներու որդեգրած կրօնաքաղաքական գաղափարախօսութեանց հետեւանքներուն. հետեւաբար, ճիշդ չէ ըսելը, թէ քրիստոնեաները կը հալածուին:

Նշեալ եւ այլ հարցերու ու մտահոգութիւններու մասին վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ:

Ապա, վերոյիշեալ հարցերու ներկայացումէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցներուն մասին` որպէս մարտահրաւէրներ: Իր դասախօսութեան այս բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներ հոգեւոր արժէքներու թանգարաններ չեն, այլ ապրող, վկայող ու ծառայող համայնքներ են, նոյնիսկ իրենց ծառայութիւնը կ՛անդրանցնին քրիստոնեայ համայնքներու սահմանները: բ) Քրիստոնէական միութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է եւ միութիւնը պէտք չէ արտայայտուի սոսկ աստուածաբանական շրջագիծի, այլ նաեւ ժողովուրդի կեանքին մէջ, յատկապէս գործակցութեան ճամբով: գ) Եկեղեցիները կոչուած են վերակազմակերպելու իրենց կրթական, ընկերային ու առողջապահական կառոյցները, որոնք կ՛երաշխաւորեն ոչ միայն քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, այլ նաեւ ծառայութիւնն ու վկայութիւնը շրջանին մէջ: դ) Եկեղեցիները անհրաժեշտ է, որ առաջնահերթ կարեւորութիւն տան քրիստոնէական դաստիարակութեան, ներքին աւետարանչութեան, բարեսիրական ծառայութեան եւ տեղեկատուական մարզին: ե) Միջեկեղեցական գործակցութիւնը թէ՛ Միջին Արեւելեան մակարդակի վրայ եւ թէ Արեւմուտքի հետ կենսական է: Մեր շրջապատը պէտք է իմանայ, որ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ առանձին չէ, հակառակ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ներքին բաժանումներուն, եկեղեցին մէկ է ու անոր առաքելութիւնը` մէկ, աշխարհի բոլոր կողմերը:

Միաստուածեան կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, հաւաքական արժէքներու վրայ հիմնուած, կարեւոր է: Այս շրջագիծին մէջ, անհրաժեշտ է որ հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները աւելի ամրապնդուին ու ծաւալին եւ միաժամանակ փոխադարձ տարբերութիւնները պէտք է յարգուին: Նոյնպէս այս մարտահրաւէրներուն վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ շօշափելի օրինակներով:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքի պատմութեան, հակառակ իր դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն, ան որոշած է մնալ շրջանին մէջ ու ինքզինք վերակազմակերպել ու վերանորոգել: 2) Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ դրական երեւոյթ մըն է ոչ միայն աշխարհի քրիստոնէութեան համար, այլ նաեւ իսլամութեան համար, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը իր հաւասարակշռուած մօտեցումներով, համամարդկային արժէքներով եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ իր կամուրջի դերով կրնայ կարեւոր դեր կատարել շրջանին մէջ, ամէն իմաստով:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Յայտնենք, որ դասախօսութենէն առաջ վեհափառ հայրապետը  հանդիպում ունեցաւ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի պատասխանատու տնօրէն Անժելա Պերլիսի, ինչպէս նաեւ համալսարանի փրոֆեսէորներուն հետ: Դասախօսութեան սկիզբը տնօրէնը խօսք առնելով` ներկայացուց վեհափառ հայրապետը ու անոր ակադեմական իրագործումները, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւնը միջեկեղեցական ու միջկրօնական բնագաւառներուն մէջ:

Յայտնենք նաեւ, որ դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի փրոֆեսէորներ եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ պատասխանատուութեան կոչուած պետական ներկայացուցիչներ:

 

 

Նախորդը

Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Արդիւնք Ձեռքբերած Աշակերտներու Պարգեւատրում

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.