Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Արդիւնք Ձեռքբերած Աշակերտներու Պարգեւատրում

October 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց արդիւնք ապահոված աշակերտներու  պարգեւատրման հանդիսութիւն:

Զաւարեան ուսանողական միութեան անունով Բարտի Պետիրեան ողջունելէ ետք ներկաները, նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիսութեան իմաստը աւելի խոր է, քան ձեւական` աւելցնելով, որ հայ դպրոցի կարողութիւններն ու առաքելութիւնը փաստող հանդիսութիւն մըն է: Ան հպարտութիւն համարեց տեսնել հայկական վարժարաններու աշակերտներու ապահոված փայլուն արդիւնքները, որոնք կը փաստեն, որ հայ դպրոցի ուսման մակարդակը ո՛չ միայն համազօր եւ համահաւասար է տեղական կամ օտար դպրոցներու, այլ` երբեմն աւելի բարձր է եւ որակաւոր: «Այսօրուան պարգեւատրման հանդիսութիւնը փաստ մըն է բոլոր այն ծնողներուն, որոնք թերահաւատութեամբ կը մօտենան հայ դպրոցի ուսումնական կարողութեանց եւ կը նախընտրեն ու կը գերադասեն օտար դպրոցը` անտեսելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը», շեշտեց Պետիրեան` աւելցնելով, որ հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, ինչպէս որեւէ դպրոց, այլ` հայապահպանման սուրբ վայր: Բ. Պետիրեան հաստատեց, որ հայ դպրոցը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վտանգուած նկատուած լեզուներու շարքին դասուած արեւմտահայերէնի միակ պաշտպանն է: Հոն է միայն, ուր հայ մանուկը կը ստանայ հայաշունչ դաստիարակութիւն եւ կը դառնայ արեւմտահայերէնի ցկեանս պաշտպանն ու պահապանը: Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Սագօ Եագուպեան, որ շուիի վրայ նուագեց երաժշտական կտորներ:

Օրուան պատգամախօսն էր Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Յակոբ Եագուպեան:

Իր խօսքի սկզբնաւորութեան ան շնորհաւորեց  պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներ եւ հայերէն լեզուի բարձրագոյն նիշեր ապահոված  ուսանողները: Պատգամախօսը նկատել տուաւ, որ ինք պիտի խօսի, թէ ի՞նչ չե՛ն նշանակեր պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներով յաջողութիւնն ու հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշ ապահովելը, լուսարձակի տակ առնելով արժեւորման այլ չափանիշներ, որոնք կը նկատէ աւելի էական: Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան ըսաւ, որ ինք կը հաւատայ, թէ արժեւորում հասկացութիւնը ունի համապարփակ իմաստ ու չի կրնար սահմանափակուիլ դասանիւթերու մէջ ուսանողներու ստացած նիշերով եւ արդիւնքներով` աւելցնելով, որ կրթական հաստատութեան մը տեսլականին, առաքելութեան եւ գործունէութեան արժեւորումը շատ աւելի անդին է ակադեմական յաջողութենէն, նիշէն եւ արդիւնքէն: Ըստ անոր, արժեւորումը պէտք է ըլլայ հիմնուած յատուկ քաղաքականութեան եւ չափանիշներու վրայ, որոնք կը համապատասխանեն կրթական հաստատութեան տեսլականին, առաքելութեան եւ գործունէութեան: Ան յայտնեց, թէ լիբանանահայ դպրոցները կոչուած են պատրաստելու լաւ մարդն ու լաւ հայը, եւ այսպիսի առաքելութեան մը արժեւորումը կարելի չէ տեղադրել ակադեմական յաջողութեան նեղ շրջագիծի մը մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Յ. Եագուպեան առաջադրեց երեք չափանիշներ, որոնք առկայ պէտք է ըլլան լիբանանահայ դպրոցներու արժեւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ուսանողներու աշխատանքի արժեւորման մէջ.

ա) Ուսանողները պատրաստուած  են արդարօրէն սատարելու մարդկային  ընկերութեան զարգացման: Ան յայտնեց, թէ աշխարհը լեցուն է մշակոյթներու միջեւ բախումներով, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կենսոլորտային հարցերով` աւելցնելով, որ անոնց լուծումները կ՛ենթադրեն աւելի քան մասնագիտական մօտեցում եւ բարձր նիշեր: Լաւ մարդը, լաւ քաղաքացին, պէտք է կարենայ ըլլալ յանձնառու այդ հարցերուն վերաբերեալ, բերէ իր գործօն մասնակցութիւնը եւ կարենայ արդար մօտեցում ցուցաբերել այդ հարցերու քննարկման եւ լուծումներու առաջադրման գործընթացին մէջ: Լիբանանահայ դպրոցը պէտք է կարենայ համապարփակ արժեւորման ընդմէջէն որոշել, թէ ո՛րքանով կրցաւ պատրաստել ապագայ քաղաքացիներ, որոնք արդարօրէն պիտի սատարեն մարդկային ընկերութեան զարգացման:

բ) Ուսանողները պատրաստուած են արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու` զանազան ոլորտներու մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ դպրոցներուն մէջ կատարուած հայոց լեզուի դասանիւթի գծով ուսանողներու աշխատանքի արժեւորումը  ցոյց չի տար, թէ անոնք ո՛րքանով կրնան մտածել եւ ստեղծագործել` հայերէնագիտական պարունակէն դուրս, զանազան ոլորտներու մէջ: Պատգամախօսը հաստատեց, որ լիբանանահայ դպրոցները կոչուած են պատրաստելու լաւ հայեր, իսկ հայ մարդու պատրաստութեան մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ լեզուի` ուսուցումը շեշտելով, որ արեւմտահայերէնը պէտք է շարունակէ գոյատեւել այնպէս, ինչպէս որեւէ այլ լեզու: Այս մէկը կարեւոր է մշակոյթներու բազմազանութեան մեկնակէտէն: Առաւել եւս, անոր գոյատեւումը կ՛երաշխաւորէ մեր գաղութներու գոյատեւումն ու ամրապնդումը, դիտել տուաւ ան:

գ) Ուսանողները պատրաստուած են դրական ներդրում ունենալու` լիբանանահայ եւ այլ գաղութներու կեանքի վերանորոգման մէջ: Յ. Եագուպեան ըսաւ, որ սփիւռքի հայ դպրոցը հիմնաքարն է գաղութներու գոյատեւման եւ անոր ուռճացումն ու հզօրացումը կ՛երաշխաւորեն գաղութներու ապագան, կը նպաստեն անոր վերանորոգման եւ վերակենսունակութեան: Անոնք մեզ կը պահեն հայ: Լիբանանահայ դպրոցը կոչուած է պատրաստելու այնպիսի սերունդներ, որոնք կարենան յանձնառութեամբ եւ գիտակցութեամբ քննարկել մեր բարձր բռնած արժէքները եւ տեղադրել զանոնք վաղուան ժամանակներու պարունակին մէջ:

«Կը հաւատամ, որ պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներն ու հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշերը չեն պայմանաւորեր լիբանանահայ վարժարանի գոյատեւման ապահովումը: Ցաւ ի սիրտ, այսօրուան դրամատիրական աշխարհին մէջ դպրոց կոչուած հիմնարկը շատ յաճախ կը գործէ գործարանային տրամաբանութեամբ: Կը փորձէ արժեւորել իր յաջողութիւնը իր արտադրութեան մակարդակով», եզրափակեց Եագուպեան եւ` խօսքը ուղղելով պարգեւատրուողներուն եւ պարգեւատրողներուն, յոյս յայտնեց, որ կը մտածեն գերազանց ուսանողի սահմանումին մասին կատարուած չափանիշներուն  եւ  հարցադրումներուն մասին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու եւ նուէրներու բաշխում լիբանանեան պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներ ապահովող 13 հայկական վարժարաններէ 65 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր վարժարանի հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովող 13 աշակերտներու:

 

 

Նախորդը

Կարօտցանք. Գէորգ Տէմիրճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դասախօսեց Պեռնի Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.