Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլթըն. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»

October 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն զեկուցած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ, նաեւ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ու ազգային անվտանգութեան քարտուղարին հետ:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած ենք շուրջ մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում, որուն ընթացքին նշեցի, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթ կարեւորութեան խնդիր է, անոնք մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին: Մենք պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը բերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  լուծման` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, ինչպէս նաեւ կարելի այլ եղանակներով, որովհետեւ այդ լուծումը կը բխի ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շահերէն, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը:

«Խնդրին լուծումը բարդ է: Եթէ անիկա դիւրին ըլլար, արդէն վաղուց լուծուած կ՛ըլլար: Ես իմ այցելութեամբ չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ  նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով: Կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը», «Արմէնփրես»-ին համաձայն, ըսած է Պոլթըն:

Պոլթըն կը կարծէ, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն  գործող վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը լաւ առիթ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու համար:

«Եթէ նման պատրաստակամութիւն ըլլայ, մենք պէտք է աշխատինք, որ Ազրպէյճանի կողմէ եւս նոյն ձեւով ըլլայ արձագանգը», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծումը Կը Բխի Տագնապի Կողմերուն Շահերէն»

Յաջորդը

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ճոն Պոլթընը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 18, 2026
Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.