Հին Երեւանը
Հայ Գրականութեան Էջերուն Մէջ
Յովհաննէս Թումանեան ամբողջ կեանքին մէջ ապրելով Երեւանէն հեռու` հարկ եղածին պէս չէ կրցած անդրադառնալ Երեւանին եւ առանձին բանաստեղծութիւն կամ պոէմ նուիրած չէ անոր: Բայց այդ չի նշանակեր, որ Թումանեան ոչինչ գրած է հայոց այդ հին ու նուիրական ոստանի մասին:
Ճիշդ է ան իբրեւ հիւր այցելած է Երեւան, սակայն բանաստեղծի սրատես աչքը միանգամայն կրնար նկատել այն գեղեցիկն ու լաւը, որ կար Երեւանի մէջ: Եւ ահա բանաստեղծական ներշնչանքով գրուած անոր նամակներէն մէկուն մէջ կը կարդանք.
«Շատ գեղեցիկ տեսարան է բացուած Երեւանի առաջնորդարանի պատշգամբից: Ես շարունակ… հիանում էի ու մտորում:
«Հէնց հասայ Երեւան, իջայ թէ չէ, պատշգամբում նստեցինք: Աշուղն էլ եկաւ:
«Ես չեմ մոռանալ այդ րոպէն: Ոտներիս տակ` ներքեւում պղտոր, մռնչալով, ոլորապտոյտ անցնում է պատմական Հրազդանը (Աբովեանի սիրած Զանգին): Յիշում եմ Աբովեանի` Զանգուին նուիրուած կրակոտ տողերը: Յիշում եմ Ալիշանի.
«Հրազդան, դու գետակդ իմ հայրենի,
Հրազդան, ջրիկըդ իմ անուշիկ…
«… Դէմ ու դէմս, ամպերից բարձր, փայլատակում է Մասիսը, ծերունու քմահաճոյքով մին մթնում է, մռայլւում, մին բացւում է ո՛ւ ժպտում, բայց միշտ սիրուն, միշտ խորհրդաւոր… Հայոց աշուղը երգում է.
«Գողգոթայից բարձր է Սասունի սարը,
Գողգոթայից դըժար է Սասունի սարը,
Իմ խաչն առած` ես բարձրանում եմ`
Սասունի սարը…
«Նոյն օրն եւեթ ինձ ման ածին ու ցոյց տուին Երեւանի նշանաւոր յիշատակարանները…»:
Շրջուած Դերեր
Մինչեւ այս դարուն կէսերը երկինքը խուզարկելու դերը տրուած էր արուեստագէտներուն, եւ լուսինով շահագրգռուած էին բացառաբար լուսնահար բանաստեղծները:
Երկրին ու երկրայինին կապուած մարդերը շօշափելի իրականութեան վերադառնալու երկար կոչեր ընելէ ետք բանաստեղծներուն, ի վերջոյ իրենք ձգեցին շօշափելին եւ ահաւասիկ տասնամեակէ մը ի վեր կը սաւառնին «վեր», աւելի վեր»:
Դեռ այս ամսոյն ամերիկեան «Ափոլլօ 7» տիեզերանաւը սուզուեցաւ անջրպետին մէջ եւ 164 անգամ աշխարհի շուրջը դառնալէ ետք վերադարձաւ երկիր:
Անջրպետին մէջ կատարուած այս սխրագործութեան մղիչ ուժը գիտական է, բայց բանաստեղծականութենէ զուրկ չէ, նոյնիսկ աւելի բանաստեղծական է, քան` հին լուսնահարներուն եթերային յածումները: Պարզապէս հիանալի է մարդուն կատարած շռնդալից արկածախնդրութիւնը:
Պարզապէս հիանալի է անպարփակ միջոցին մէջ շաբաթներով թափառելու մարդուն այս աննախընթաց ինքնավստահութիւնը:
Երեւոյթին դիմաց` այս անգամ բանաստեղծները սկսած են մտահոգութիւններ յայտնել: Բանաստեղծները երբեմն կէս բերան եւ երբեմն ամբողջ ձայնով այս անգամ իրենք կոչ կ՛ընեն գիտութեան մարդոց, որպէսզի անջրպետային մսխումներէն քիչ մը ձեռք քաշեն եւ լծուին մեր դժբախտ մոլորակի բարեկարգման գործին, ամոքեն հոս ապրող մարդուն վիշտը, իրենց ուժերը նուիրեն այս աշխարհը շնչելի դարձնելու սրբազան ճիգին: Ահաւասիկ շատերէն մէկուն` Գէորգ Էմինի գանգատը.
… Մարդ, ի՞նչ ես անում…
Աւելի հեռու,
Աւելի արագ,
Բայց ո՞ւր, ասա ինձ,
Ո՞ւր ես սլանում,
Երբ այսքան վիշտ կայ
Դեռ հողագնդի ամէն
յարկի տակ:
Իրենց ժառանգութիւններուն որակական քննութեան ատեն, վաղուան հաշուեյարդարին մէջ ո՞վ աւելի արդար պիտի հռչակուի արդեօք, աշխարհի գործերը կէս ձգած ու անջրպետային բաներու հետամուտ գիտութեան գործի՞չը, թէ՞ երեւակայական հեշտանքէն հրաժարած ու մարդուն ճակատագրով տագնապող բանաստեղծը:
Կարելի չէ վճռական պատասխաններ տալ ու մէկուն կամ միւսին կողքին դիրք բռնել անմիջապէս, բայց եւ այնպէս բանաստեղծները աւելի մարդկային կը թուին, սրտամօտ են աւելի:
Պ. Ս.
