Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր հերթական նիստը, նախագահութեամբ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին: Նիստին աւարտին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընտրութենէն ետք համախմբումին հիմնական մտահոգութիւնը Լիբանանի բոլոր խաւերը ներկայացնող կառավարութեան մը կազմութիւնն է, որ մինչ այդ պէտք էր իրականացած ըլլար որոշ չափով: Քանաան նշեց, որ իրենք առաւելագոյն չափով նպաստած են հարցերու հանգուցալուծման եւ բոլոր կողմերը քաջատեղեակ են փոխվարչապետի պաշտօնին իրենց դերակատարութեան եւ նախարարութեան բաժանումին մէջ ունեցած ներդրումին մասին: Ան դիտել տուաւ, որ նախագահին իրաւունքն է ունենալ այնպիսի նախարարութիւններ, հարկ եղած պարագաներուն ըլլան իսկական բարեկարգումներ կատարելու միջոցները:
«Մենք պէտք է պահանջենք, որ կառավարութիւնը կազմուի ամէնէն արագ միջոցին, որպէսզի հիմնախնդիրները դրական եւ արտադրողական լուծումներու յանգին: Լիբանանի ժողովուրդը ամէն օր սուղ կը վճարէ կառավարութեան չգոյութեան գինը», ըսաւ Քանաան:
«Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռին տուած զրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Քանաան յայտարարեց, որ կրնայ իր ներդրումը շարունակուիլ երեսփոխանի ճամբով կամ անցնիլ նախարարութեան մէջ, իսկ այս որոշումը կը կատարեն Ազգային ազատ հոսանքն ու նախագահը. բոլոր պարագաներուն ալ պաշտօնը պարտականութիւն է, որուն համար պէտք է աշխատիլ, նշեց ան: Խօսելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ կնքուած հաշտութեան մասին` երեսփոխանը յայտարարեց, որ նահանջ չկայ այդ հաշտութենէն, իսկ քաղաքական համաձայնութիւնը կարելի է որեւէ մէկ պահուն կեանքի կոչել` նկատի ունենալով, որ ատիկա հիմնուած է համաձայնութեան պարագային դաշինքի եւ մրցակցութեան պարագային տարակարծութեան սկզբունքին վրայ: Երեսփոխանը ըսաւ նաեւ, որ խօսելու ժամանակաշրջանը անցած է եւ գործելու ժամանակաշրջանը հասած է. կազմուելիք կառավարութիւնը ունի լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւն տալու ծանր պարտաւորութիւնը, եւ հարկ է ազգային շահերը գերադասել անձնական շահերէ:
Ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ տակաւին հանգոյցները լուծելու աշխատանք կը տանինք եւ ընդգծեց, որ իրենք էին համամասնական ընտրական օրէնքին համար պայքարողները, հետեւաբար ինչպէ՛ս կարելի է զանոնք զրպարտել որպէս այլոց իրաւունքները հերքող կողմ:



