Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտարարած է, թէ յանձնառու է Մակեդոնիոյ անուանափոխութեան շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան, հակառակ անոր որ այս հարցով բանակցող արտաքին գործոց նախարարը չորեքշաբթի օր հրաժարած է իր պաշտօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
«Ես կը խոստանամ ընել ամէն կարելին` երաշխաւորելու այս պատմական համաձայնագիրի գործադրութիւնը», յայտարարած է Ցիփրաս:
Տասնամեակներու տարակարծութիւններէ ետք, Աթէնքն ու Սքոփիէն այս ամառ ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որով կ՛առաջարկուի Մակեդոնիան վերանուանել Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հանրապետութիւն:
Համաձայնագիրը, սակայն, մինչեւ օրս Մակեդոնիոյ մէջ չէ վաւերացուած եւ լուրջ ընդդիմութեան կը հանդիպի ազգայնականներու կողմէ:
«Անոնց կոչ կ՛ուղղեմ` յառաջ ընթանալու, որովհետեւ այլ հնարաւորութիւն պիտի չունենան», յայտարարած է Յունաստանի ղեկավարը:
Վիճայարոյց այս հարցին պատճառով Աթէնք կ՛արգելափակէ Մակեդոնիոյ` Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը:



