Ազգային ժողովը առաջին փուլին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս կը նախատեսէր անոր թեկնածութիւնը առաջադրած «Ելք» խմբակցութիւնը:
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նոյնպէս յայտարարեց, որ իրենց խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի վարչապետի ընտրութեան` տարբեր կողմերէ հնչող արգելակումներու մասին մեղադրանքներուն տուրք չտալու համար:
«Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան ըսաւ, որ իրենց խմբակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` «Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան կողմ քուէարկեց ոչ մէկ պատգամաւոր, դէմ` 1, ձեռնպահ` 11:
Քուէարկութենէն առաջ չմասնակցելու մասին յայտարարեց նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը:
Վարչապետի ընտրութեան հարցը դրուած էր 24 հոկտեմբերին Ազգային ժողովի հերթական նիստի օրակարգին վրայ: Վարչապետ ընտրելու համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:



