
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 հոկտեմբերին այցելած է արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի հարաւարեւելեան հատուած, ուր ծանօթացած է զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: