Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Ռուտի Ճուլիանի, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպած տնտեսական համախմբումին մասնակցելու նպատակով այցելած էր Հայաստան, հայութեան առնչուող թուիթըրեան քանի մը գրառում կատարած է:
«Հայերը կ՛ուզեն, որ ես ամերիկացիները տեղեակ պահեմ այն մասին, որ լրատուամիջոցները չեն լուսաբաներ, թէ հայերն ու աշխարհի մեծ մասը որքան կը գնահատեն նախագահ Թրամփի ղեկավարութիւնը: Ասոր մէջ քաղաքական սուտ չկայ, միայն ազնուութիւն: Ամերիկան աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն եւ ազատութիւն», առաջին գրառման մէջ արձանագրած է Թրամփի խորհրդականը:
Երկրորդ գրառման մէջ Ճուլիանին դարձեալ գրած է բազմաթիւ հայերու` Թրամփի նկատմամբ ունեցած համակրանքին մասին:
«Բազմաթիւ հայեր կ՛ուզեն, որ ես ամերիկացիները տեղեակ պահեմ, թէ իրենք որքան կը գնահատեն նախագահ Թրամփի նուիրուածութիւնը` Ամերիկան դարձեալ հզօրացնելու գաղափարին:
«Ատոր իբրեւ արդիւնք աշխարհը պիտի դառնայ աւելի խաղաղ վայր, ուր պիտի գնահատուին մարդկային նուաճումներն ու ազատութիւնը: Հրաշալի է տեսնել, որ Ամերիկան դարձեալ յարգուած է եւ հիացմունքի կ՛արժանանայ: Աստուած օրհնէ Ամերիկան», գրած է ան:
Ճուլիան երրորդ գրառման մէջ դարձեալ յիշատակած է հայերը:
«Հայաստանի մէջ մարդիկ այն կարծիքը ունին, թէ նախագահ Թրամփ վերականգնած է Ամերիկայի յառաջատար դիրքը: Անոնք կ՛ըսեն, որ Օպամայի պէս շարունակելու պարագային, ոեւէ մէկը պիտի փորձէ ինքը յառաջատար դառնայ, այդ ալ` ղեկավարուելով միայն սեփական շահերով: Աշխարհի վրայ չկայ այլ ազգ, որ ունի մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու ուժ եւ արժէքներ», գրած է Ճուլիանին` նկատի ունենալով ամերիկացիները:



