Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Հոկտեմբեր 1968)

October 25, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բանաստեղծական Երեկոյ
Նուիրուած Մուշեղ Իշխանի

Տեղի ունեցաւ 17 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը  8:30-ին, Համազգայինի ակումբին մէջ:

Համազգայինի գրական-գեղարուեստական յանձնախումբի գործունէութեան եղանակի բացումը սկսաւ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած երեկոյթով մը:

Օրուան նախագահը` Յ. Իսկէնտէրեան, հրաւիրեց ներկաները բանաստեղծական պահի մը վայելքին` «Տառապանք» քերթողագիրքի ընթերցումի առիթով: Հեղինակին այս վերջին գործը անձնական սէրեր եւ յուզումներ չէ, որ կ՛արտայայտէ, այլ իր հասունութեան հասած, իր գծած ուղիին հաւատարիմ մնացած իսկական բանաստեղծի մը ապրումները, «աշխարհի ցաւով հիւանդ» հոգիի մը տառապանքները:

Խաչիկ Արարատեան մօտ 30 վայրկեան իր ընթերցումով մասնակից դարձուց ներկաները բանաստեղծին յուզումներուն, որոնք արտայայտուեցան երբեմն բանտարկեալի մը հանդէպ տածած իր գթութեան մէջէն, երբեմն ամուրիի մը մենաւոր կեանքի տխուր խորհրդածութիւններէն, երբեմն` լքուած կատուի մը յուզում արտայայտող աչքերէն, պատկերացումը, անհամար սիրոյ, կարեկցութեան եւ հոգիին` գուրգուրանք տածող մարդու մը դէպի մարդն ու տառապանքը:

Ոմանք չափեցին բանաստեղծին մելամաղձոտութիւնը` առարկելով, թէ կը պակսի՞ն արդեօք երջանիկ սէրն ու կեանքի ուրախութիւնները: Ուրիշ մը զարմանքով դիտել տուաւ, որ` «Ամէն բանի մէջ բանաստեղծութիւն կը տեսնէ», այնքան որ կատու մը կրցած է ներշնչել զինք, քերթուածի մը հերոսը դառնալու աստիճան:

Ուրիշներ բնական գտան հեղինակին թախիծն ու նիւթերու ընտրութիւնը` նկատի ունենալով դժբախտ մանկութեան մը յիշատակը եւ հայ ազգին ողբերգական ճակատագիրը. երեւոյթներ, որոնք ամուր կերպով դրոշմած են բանաստեղծին ամբողջ կեանքը` զայն դարձնելով մելամաղձոտ եւ գերզգայուն:

Մուշեղ Իշխան յայտնեց իր գոհունակութիւնը բանաստեղծի եւ խումբի մը միջեւ հաղորդականութիւն ստեղծելու այս հաճելի նախաձեռնութեան համար: Անհրաժեշտ համարեց նաեւ կապ ստեղծել նորեկ գրողներու եւ ժողովուրդին միջեւ:

– Ճիշդ է,- աւելցուց,- բանաստեղծը կը սկսի գրել միայն իրեն համար, սակայն գրելէ ետք անխուսափելիօրէն կ՛ուզէ նաեւ ճանչնալ ընթերցողին ապրումները, իր գործին յառաջացուցած հակազդեցութիւններն ու արձագանգները` ընթերցող հասարակութեան մօտ: Եթէ հեղինակները գրէին միայն իրենց համար, արուեստագէտները արտադրէին նոյն մտահոգութեամբ, ապա ամբողջ ազգային հարստութիւն մը պիտի վերածուէր թանգարանային մշակոյթի:

– Այս գիրքին մէջ ամփոփուած բանաստեղծութիւններուն յուզիչ շեշտը մաս կը կազմէ կեանքի ուրախ թէ տխուր երեսներուն. հետեւաբար այս երեսներուն ըլլայ մէկուն թէ միւսին առանձնապէս օգտագործումը մաս կը կազմէ կեանքի առօրեայ իրականութեան:

– Քանի մը տարի առաջ,- կը շարունակէ Մ. Իշխան,- երբ «Ողջոյն քեզ կեանք»-ը հրատարակեցի, մարդիկ առարկեցին, որ ճիգով յղացուած գործ է, կեանքին մէջ տիրապետողը տխրութիւնն է առաւելաբար: Այս վերջին գործիս առիթով կ՛ըսեն, որ ճնշող է: Երկու պարագաներուն ալ բանաստեղծը չէ, որ կ՛որոշէ գործին շեշտը: Ճիգի արդիւնք չէ «Ողջոյն քեզ կեանք»-ը, ինչպէս որ որոշումի մը հետեւանք չէ «Տառապանք»-ը: Հոգեբանական պատճառներ, շրջապատի ազդեցութիւն, չնախատեսուած դէպքեր յաճախ կը տնօրինեն գործի մը ճակատագիրը` տալով անոր ուրախ, լաւատես եւ կամ տխուր ու յոռետես խորք մը:

– Շատ բնական է,- ըսաւ,- որ չկարենանք անջատել կենդանին եւ մարդը իրենց տառապանքին մէջ: Տխուր կատուի մը ու խեղճ երեխայի մը նայուածքները կրնան նոյնքան սրտառուչ ըլլալ. եւ ընդհանրապէս ալ բանաստեղծութիւնը 90% տոկոսով տխուր է. սովորաբար բանաստեղծը ներշնչող նիւթը վիշտն է, ինչպէս նաեւ` յուսախաբութիւնը, սպասումը, կորուստը, եւ այլն:

Երեկոյթի վերջաւորութեան Յ. Իսկէտէրեանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, շատ հարազատ գտաւ Մ. Իշխանի բանաստեղծութիւններուն ոգին: Բնական է, ըսաւ, որ գերիշխողը  ըլլայ տխուրը, երբ նկատի առնենք, թէ վերջին 4-5 տարիներու ընթացքին ընդհանուր լարուած կացութեան մը ազդեցութիւնը, գաղթաշխարհի հայութեան հետզհետէ անորոշ ճակատագիրը եւս կրնան տագնապ ստեղծած ըլլալ բանաստեղծին հոգիէն ներս:

Մաղթեց վերջապէս, որ Մ. Իշխանի «Ոսկի աշուն»-ը տեւէ տակաւին, որպէսզի տաղանդաւոր բանաստեղծը շարունակէ ծառայել հայ գրականութեան անդաստանին:

ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Զահլէի ՀՄԸՄ-ի Ակումբին Բացումը

Շաբաթ, 19 հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Զահլէի ՀՄԸՄ-ի ակումբին հանդիսաւոր բացումը:

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէին վեթերան եւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ` Կիրակոս Թապագեանը, Փայլակ Բալուլեանը, Լեւոն Բիւրիւմլեանը եւ Ազատ Գասարճեանը:

Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կողմէ հանդէսին բացումը կատարեց Ժորժ Էքմեքճեանը: Ան պատմականը ըրաւ Զահլէի ՀՄԸՄ-ի ակումբին գնման աշխատանքներուն եւ շեշտեց սեփական ակումբներուն կարեւորութիւնը: Յայտնենք, որ այս ակումբը իրենց գործունէութեամբ պիտի շնչաւորեն ոչ միայն ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ, այլեւ` ընկերներ, պատանիներ եւ Օգնութեան խաչի անդամուհիներ:

Հանդէսը վարեց Ա. Տօնոյեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտելէ ետք ակումբներուն կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս, զուգակշիռով մը անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ծնունդին եւ Սարդարապատի ճակատամարտին` անոնց յիսնամեակին առիթով:

Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք Ժորժ Էքմեքճեան ՀՄԸՄ-ի շքանշանով պարգեւատրեց` Ազատ Գասարճեանը, Լեւոն Բիւրիւմլեանը, Հաննա Գասարճեանը, Կիրակոս Թապագեանը եւ Փայլակ Բալուլեանը: Նոյն շքանշանով պարգեւատրեց նաեւ Զահլէի Օգնութեան խաչի բազմավաստակ ատենապետ Արուսեակ Պիլեզիկճեանը:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` հետեւեալներէն.

Ազատ Գասարճեան` 100 լ.ո., Լեւոն Բիւրիւմլեան` 100, Հաննա Գասարճեան` 100, Կիրակոս  Թապագեան` 50, Սեդրակ Կարոյեան` 50, Փայլակ Բալուլեան` 50, Արուսեակ Պիլեզիկճեան` 50, Սահակ Թագւորեան` 25, Աբրահամ Չոլաքեան` 25, Գրիգոր Փլաքճեան` 25, Սմբատ Ղուկասեան` 25, Յարութիւն Կարապետեան` 20, Ժան Մկրտիչեան` 10, Սեդրակ Ֆոսեան` 10 եւ տիկին Պաղչեճեան` 5 լ.ո.: Գումարը` 645 լ.ո.:

Ն.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ընթերցանութեան Հանդէպ Սէր Սերմանել

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.