Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջպետական Յարաբերութիւնները Լաւագոյնս Արդիւնաւորելու Համար Անհրաժեշտ Է, Որ Քանատան Երեւանի Մէջ Դեսպանատուն Հիմնէ».

October 23, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցազրոյց Քանատայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Հայաստան կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին վարչապետին ընկերակցող հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ` Րաֆֆի Տօնապետեանը, Շահէն Միրաքեանը եւ Յակոբ Թորոսեանը: «Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կը թուի, թէ պատմական այս այցելութիւնը դրական ներգործօն ազդեցութիւն ունեցաւ հայ-քանատական յարաբերութիւններուն վրայ: Նաեւ ակնյայտ է, որ աւելի քան 5 տասնամեակներու վրայ երկարող Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքները արգասաւորուեցան, եւ Քանատայի վարչապետ մը, առաջին անգամ ըլլալով, յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Դուք, որ հոն ներկայ էիք, ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք այս պատմական օրը:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Ճիշդ էք, այս մէկը տարիներու աշխատանքի արդիւնք է` ե՛ւ գաղութին կողմէ, ե՛ւ Հայաստանի պետութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Մեր ունեցած փոխյարաբերութիւններու ցանցով չեմ վարանիր ըսելու, որ հիմնական մղիչ ուժը մենք եղած ենք, որ այսպիսի ծրագիր մը յաջողի: Պատմութիւնը երկար է, բայց ասկէ տարիներ առաջ, երբ որոշուեցաւ 2018-ին Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը Երեւանի մէջ գումարել, մենք այդ մէկը լաւագոյն առիթը սեպեցինք մեր ծրագիրներու իրագործման, որոնցմէ` յատկապէս այն, որ Քանատայի քաղաքական առաջին դէմքը այցելէ Հայաստան, ապա սկսանք աշխատիլ այս ուղղութեամբ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցինք, որ Քանատայի վարչապետը անձամբ մասնակցի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ նահանգային ղեկավարները, ինչպէս` Քեպեքի եւ Նիու Պրունզուիքի:

Մեր նպատակն էր, որ վեհաժողովէն առաջ կամ ետք Քանատայի վարչապետը պաշտօնական այց տայ Հայաստան եւ յատկապէս` Ծիծեռնակաբերդ, ասիկա նաեւ Հայաստանի պետութեան կողմէ առաջադրուած էր 2 տարի առաջ եւ այժմ, հակառակ որ իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, նոյն առաջադրանքը առկայ էր: Մենք նոյնիսկ վարչապետին շրջանակին յայտնած էինք, որ առանց Ծիծեռնակաբերդ այցելելու` Հայաստան այցելութիւնը իմաստալից չի կրնար ըլլալ, անշուշտ ուրիշ պահանջներ ալ ունէինք, օրինակ`  պայմանագիրներ ստորագրուին, ինչպէս նաեւ` Արցախի հարցով Ֆրանքոֆոնի վեհաժողովին ներկայացուած բանաձեւին Քանատան կողմ քուէարկէ եւ այլն: Ասոնց մեծ մասը իրականացաւ, կրնանք ըսել, մէկ մասն ալ, յատկապէս` պայմանագիրներու ստորագրութիւնը, յոյսով ենք, որ ապագային կ’իրականանայ, երբ յարաբերութիւնները զարգանան երկու երկիրներուն միջեւ: Այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներ տակաւին կան անշուշտ:

Ինչ կը վերաբերի պատուիրակութեան հարցին, հայ գաղութին կողմէ պաշտօնապէս պատուիրակութիւն չընկերակցեցաւ վարչապետին, սակայն հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք այդ օրերուն Հայաստան կը գտնուէին, հրաւիրուեցան կարեւորագոյն ձեռնարկներուն: Նշեմ երեք հիմնականները. վարչապետ Փաշինեանի կողմէ տրուած ճաշկերոյթը` ի պատիւ վարչապետ Թրուտոյի, երկրորդը Ծիծեռնակաբերդի այցն էր, իսկ երրորդը Քանատայի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշ-ընդունելութիւնը, որուն հրաւիրած էին ոչ միայն այդ օրերուն Երեւան գտնուող հայ գաղութի ներկայացուցիչները, այլ նաեւ` հայրենադարձ քանատահայեր: Այս առթիւ խօսք առին Քանատայի հայ գաղութի ներկայացուցիչները, հայրենադարձներ, Քանատայի նախարար Մելանի Ժոլին եւ վարչապետը Թրուտոն:

Հ.- Երկու վարչապետները իրենց համագործակցութեան խօսակցութիւնները գլխաւորաբար կեդրոնացուցին առեւտրական փոխյարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Անկախ ասկէ` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր Երեւանի մէջ Քանատայի դեսպանատուն հիմնելու հարցը սեղանի վրայ կը դնէ: Որքանո՞վ յառաջ տարուեցան այս երկու հարցերը:

Ր. Տ.- Նախ պէտք է ըսել, թէ այս վեհաժողովը կարեւոր իրադարձութիւն էր, որ առիթ ստեղծեց երկու վարչապետներուն հանդիպման: Հանդիպումները, ըստ էութեան, եղած են արդիւնաւէտ, յատկապէս երբ Քանատա կողմ քուարկեց Արցախի բանաձեւին, որ կը շեշտէ, թէ Արցախի հարցը միայն խաղաղութեամբ կրնայ լուծուիլ եւ` Մինսքի խմբակին առաջնորդութեամբ: Այս մէկը յաճախ շեշտած ենք նաեւ մենք` Հայ դատի յանձնախումբը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները: Այս զարգացումները կրնան նախահարթակ ըլլալ յառաջիկայի մեր ծրագիրներուն, որոնցմէ` յարաբերութիւններ մշակել երկու երկիրներուն միջեւ` տնտեսական, մշակութային կամ այլ ասպարէզներու մէջ: Միջպետական յարաբերութիւնները լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար անհրաժեշտ է, որ Քանատան Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնէ: Վերջին իրադարձութիւնները եւ երկու վարչապետներուն մօտեցումները կը յուսադրեն, որ հեզասահ կրնան ընթանալ այս ծրագիրներու իրականացումը:

Հ.- Ուշագրաւ երեւոյթ էր այն յայտարարութիւնը, ուր Հայ դատի բարեկամ, Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ, Քանատայի խորհրդարանի հանգուցեալ անդամ Առնոլտ Չենի անուան նախաձեռնութիւնը պիտի սատարէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ հոկտեմբեր 14-ին անդրադարձաւ այս մասին:

Ր. Տ.- Ինչպէս որ ըսիք, տարիներու վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքներու արդիւնքներն են, զոր կը քաղենք հիմա: Մենք նշած էինք արդէն, որ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին գումարումը լաւագոյն առիթն է մեր նպատակներու իրականացման: Այս առիթով վարչապետը եւ Քանատայի իշխանութիւնները վեհաժողովէն քանի մը շաբաթ առաջ մեզի իմացուցին երկու որոշումներու մասին, մէկը իրենց կողմէ հայազգի նախկին ծերակուտական Ռեմոն Սեթլաքուին հրաւիրելն է` մասնակցելու վեհաժողովին: Ռ. Սեթլաքուին երկար տարիներ եղած է Քանատայի ծերակոյտի անդամ եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած Ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչման` 2002-ին, ծերակոյտին մէջ, որ հետագային դարձաւ Քանատայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւ: Նախկին ծերակուտականը Հայաստանի մէջ շատ ոգեւորուած էր ու հպարտ` իր հայկական ծագումով եւ Հայաստանի իրագործումներով: Նշեմ նաեւ, որ Ռ. Սեթլաքուի մտերիմ բարեկամ եղած է վարչապետին հօր` Փիեռ Թրուտոյին, որ երկար տարիներ եղած է Քանատայի վարչապետ:

Երկրորդ որոշումը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրած էր նաեւ Ժան Եիփը, որ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ Առնոլտ Չենի կողակիցն է: Ամուսնոյն մահէն ետք տիկին Եիփ դարձած էր իր ընտրատարածքի երեսփոխանը: Վարչապետ Թրուտօ, ի յիշատակ Առնոլտ Չենի, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար հիմնած է յատուկ ֆոնտ մը: Ֆոնտը պիտի սատարէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կիներու,  փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան վերաբերող ծրագիրներու: Նշենք նաեւ, որ Առնոլտը խորհրդարանի Հայաստան-Քանատա բարեկամական խումբի նախագահը մնաց մինչեւ իր մահը:

Այս բոլորը իսկապէս ողջունելի են մեր կողմէ, որովհետեւ մենք տարիներով պահանջած ենք մեր կառավարութենէն սատարել Հայաստանին` բոլոր ոլորտներուն մէջ: Շեշտեմ նաեւ, որ տնտեսականն ալ իր կարեւորութիւնը ունի, որպէսզի հայ ժողովուրդը, հայ երիտասարդը, հայ համալսարանականը կարենան ապրիլ եւ ստեղծագործել, ապագայ կերտել իրենց հայրենիքին մէջ:

Հ.- Հայաստան ձեր այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի ներքին քաղաքական բեմին վրայ նոր զարգացումներ տեղի ունեցան: Այսօր քաղաքական այդ բեմին վրայ ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը:

Ր. Տ.- Գիտենք, որ 2018 թուականը իսկապէս պատմական տարի մըն էր. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակն է, Ֆրանքոֆոնի տարին է, Երեւանի 2800-ամեակն է եւ այլն: Այս բոլորին առընթեր, գարնան նաեւ քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, որոնք յանգեցան իշխանութեան փոփոխութեան, եւ բոլոր իրադարձութիւններուն զարգացումները շատ հաւանաբար պիտի յանգին նոր ընտրութիւններու: Ճիշդ է, որ հիմա Հայաստանի մէջ խանդավառութիւն կայ` թաւշեայ յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք, Քաղաքացիական պայմանագրութիւն կուսակցութեան առնչութեամբ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքական միւս ուժերը տեղ չունին քաղաքական բեմին վրայ:

Դաշնակցութիւնը կենսական դեր ունեցաւ առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ, մեծ դեր ունեցաւ նաեւ ներկայ անկախութեան օրերուն, կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին, եւ կասկած չունիմ, որ որպէս կուսակցութիւն` պիտի շարունակէ քաղաքական բեմին վրայ գործօն դերակատարութիւն ունենալ: Ըսեմ, թէ յստակ է, որ Դաշնակցութեան համար իշխանութեան գալը ինքնանպատակ չէ, ի՛նչ ալ ըլլայ իրավիճակը, վերիվայրումները շատ հասկնալի են քաղաքական բեմին վրայ, բայց Դաշնակցութիւնը պիտի չվարանի իր սկզբունքները հետապնդելէ` այն յոյսով, որ երկար տարիներու մեր տեսլականներն ու նպատակները յաջողութեամբ կը պսակուին:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Անխոնջ Մշակ` Լեւոն Թորոսեան

Յաջորդը

Էրտողան` «Գորշ Գայլեր»-Ու Հետեւողութեամբ

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.