Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1968)

October 23, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի
Տօնակատարութիւնները

Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, հոկտեմբեր 6-ին Ֆիքսի «Առաքելեան-Կիւտենեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով գեղեցիկ մարզատօն մը:

Ներկայ եղած են յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանը եւ հոծ բազմութիւն մը:

Տեղի ունեցած են տողանցք եւ մարզական մրցումներ:

Տողանցքին մասնակցած են 100 մարզիկներ, սկաուտներ եւ գայլիկներ: Մրցումները ստեղծած են խանդավառ մթնոլորտ:

Յիսնամեակին առիթով առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցած էր Քոքինիոյ մէջ, վոլի-պոլի մրցաշարքով:

Երրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 3:00-ին: Պիտի տօնակատարուի ՀՄԸՄ-ի օրը:

Նոյեմբեր 10-ին, չորրորդ ձեռնարկը, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ` նահատակ եւ հանգուցեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին:

Հինգերորդ եւ վերջին ձեռնարկին` նոյեմբեր 24-ին, Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յիսնամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն, պատշաճ շուքով եւ յայտագրով: Պիտի հրաւիրուին պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Պոլսոյ Ուսուցիչին Պէս…

Քովի սիւնակին մէջ տրուած յօդուածին ոգին հաճելի անակնկալ մը եղաւ նաեւ մեզի համար եւ վստահաբար նոյն ուրախութիւնը պիտի ապրին հազարաւոր ուրիշներ:

«Հայ համալսարանականներու հետ» Մ. Իշխանի խնդրոյ առարկայ յօդուածը լոյս տեսաւ այս թերթին մէջ, արտատպուեցաւ ապա ուրիշ բազմաթիւ թերթերու կողմէ եւ առիթ տուաւ աշխուժ խորհրդածութիւններու:

Կը նշանակէ, որ բանաստեղծին կատարած ախտաճանաչումը մասնակի բնոյթ մը չունի, վէրքը ընդհանուր է, եւ բուժումը` հրամայական:

Կը նշանակէ նաեւ, որ ճիշդը, սրտցաւը, բաղձալին անպայման արձագանգ կը գտնեն հոգիներուն մէջ եւ կը կատարեն իրենց ազդու դերը, ինչպէս մասամբ կը հաստատուի ատիկա Պոլսոյ մէկ ուսուցիչին եւ անոր աշակերտներուն մօտ:

Նուազ ուշագրաւ չէ նաեւ թերթին բուխ վերաբերումը իր հիւրընկալած յօդուածին ու անոր գտած ընդունելութեան հանդէպ, այն աստիճան, որ կը տրամադրուի ձրի բաշխած իր թիւերուն համար շնորհակալութիւն յայտնել ստացողին:

Մ. Իշխան մեր համալսարանաւարտները կը համարէր թուական ու որակական հսկայ դրամագլուխ մը, որ սակայն, դժբախտաբար, հարկ եղած չափով իր մասնակցութիւնը չի բերեր մեր պայքարին, կը դիմէ ինքամեկուսացման կամ կը կորսուի օտար հոսանուտներուն մէջ: Ինք չէր ըսած, բայց յօդուածին կարգ մը մասերը գաղափարաց զուգորդութեամբ կը յիշեցնէին մեզմէ հարիւր տարի առաջ ապրած բանաստեղծի մը մէկ ոտանաւորին համբուրելի հայհոյանքը, ըստ որուն, եթէ Հայաստանը շահ չունի փողէդ ու գրչէդ` «Թքել եմ քու էլ, փողիդ էլ, գրչի՛դ էլ վրան»:

Ե՛ւ վկայականիդ վրայ անշուշտ, ե՛ւ տիտղոսիդ վրայ, եւ քաղքենիական երազներ հանդերձող անձուկ տրամադրութիւններուդ վրայ:

Ասկէ յիսուն-հարիւր տարի առաջ մեր ուսանողները, զրկանքի ու դառնութեան բոլոր բաժակները պարպելով, կը յաճախէին համալսարան, բայց վերադարձին հրավառ ապրումով մը կը նուիրուէին ժողովուրդին` նոր ակօսներ բանալով հանրային սպասներու տրամադրուած այս կամ այն ասպարէզին մէջ:

Ներկայիս շատ մխիթարական չէ պատկերը:

Եւ որպէսզի աւելի մեծ ողբերգութիւններ խնայուին մեզի, պէտք ունինք, համալսարանէն առաջ, նախակրթարաններու եւ միջնակարգ վարժարաններու մէջ տղուն հոգին կազմող վստահելի տարրերու, կոչումո՛վ ուսուցիչներու, ճի՛շդ Պոլսոյ այն ուսուցիչին պէս, որ ընթերցող է նախ եւ յետոյ գիտէ իր ճանչցած գեղեցկութիւնները խանդավառօրէն հաղորդել, պարտադրել աշակերտին:

Այս առաքինութիւններով օժտուած ուսուցիչը վստահաբար հրաշքներ կրնայ գործել:

Պ. Ս.

Հաճելի Անակնկալ Մը

«Մարմարա»-ի խմբագրական կազմի մեր ընկերները շատ հաճելի անակնկալի մը հետ դէմ յանդիման մնացին երկու օր առաջ: Այդ օրը խմբագրատունէն ներս մտաւ մեր վարժարաններէն մէկուն մէկ պաշտօնեան եւ խնդրեց 10 հոկտեմբեր թուակիր «Մարմարա»-էն 15 օրինակներ: Վարժարանին ուսուցիչը (անուն չենք տար) շատ հաւնած էր «Մարմարա»-ի այդ թիւին մէջ պէյրութահայ յայտնի բանաստեղծ եւ գրագէտ Մ. Իշխանի յօդուածը` «հայ համալսարանականներու հետ» եւ ուզած էր այդ յօդուածէն մէկ-մէկ օրինակ տրամադրել իր 15 աշակերտներուն, որպէսզի ուշադրութեամբ կարդային զայն:

Հայ ուսուցչի մը այս գովելի ուշադրութենէն խորապէս զգացուած` մեր ընկերները անմիջապէս հայթայթեցին պահանջուած օրնակները եւ մերժեցին ստանալ անոնց փոխարժէքը: Պաշտօնեան մեկնեցաւ:

Քիչ ետ հեռաձայնը կը հնչէր: Յարգելի ուսուցիչն էր, որ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէր մեր ընկերներուն` իրենց այդ սրտաբուխ նուէրին համար:

Պատկերը հաճելի էր իսկապէս, եւ անոր ստեղծած բարի տրամադրութիւնը ամբողջ օր մը տեւեց խմբագրատան մէջ: Բայց ան մեր մէջ արթնցուց նաեւ կարգ մը տխուր մտածումներ: Մենք քանի՞ ուսուցիչ կրնայինք համրել մեր մէջ, որ ունենար նմանօրինակ ուշադրութիւն եւ նախանձախնդրութիւն` հայ մամուլին նկատմամբ, որ ուզէր շնորհալի միջնորդը ըլլալ հայ գիրի եւ հայ ուսանողութեան մերձեցան: Մինչդեռ մեր օրաթերթը, կամ ընդհանուր առմամբ` մեր մամուլը, ամէն օր լայնօրէն իր ընթերցողներուն կը տրամադրէ մեր մշակոյթին, մեր լեզուին, մեր դաստիարակչական եւ կրթական հարցերուն նուիրուած սքանչելի նիւթեր, որոնք արժանի են ոչ միայն կարդացուելու, այլ նաեւ` կտրուելով պահուելու: Մեր ուսուցիչներէն քանի՞ն արդեօք կը խորհի կարդացնել զանոնք, կամ կը կարդայ զանոնք:

Բայց ահա՛ հայ ուսուցիչ մը, փոքր, բայց նշանակալի շարժումով մը` կու գար անակնկալօրէն մխիթարել մեզ մեր սրտաբեկութեան մէջ:

Եւ չէր մոռնար նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեզի:

Բայց ո՞վ որո՛ւ պէտք էր շնորհակալութիւն յայտնէր արդեօք:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սփիւռքի Անխոնջ Մշակ` Լեւոն Թորոսեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.