Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Ըլլայ Ապագային, Որ Չենք Գիտեր Եթէ Մօտ Է, Թէ Հեռու»

October 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք Հըզպալլայի մէջ օգտուեցանք փորձառութենէն, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթեցինք Իսրայէլին, որ մեծ պարտութիւն կրեց: Մենք փոխեցինք պատերազմի օրէնքները: Փոխանակ Իսրայէլը կռուի ուրիշին դաշտին վրայ, կռիւը տեղի կ՛ունենայ բռնագրաւուած տարածքին վրայ, ուր անոնք տեղակայուած են: Փոխանակ անոր հրթիռները եւ օդանաւները վախցնեն, անոնք կը վախնան Դիմադրութեան հրթիռներէն եւ ընթացքէն: Փոխանակ Իսրայէլ ըլլայ սպառնացողը, ան կը ստանայ իր սպառնալիքներուն պատասխանը: Ան կը խօսի դատարկութեան մէջ, ոչ ոք մտիկ կ՛ընէ անոր սպառնալիքներուն: Ան գիտէ, որ իր սպառնալիքները մեզի չեն վախցներ, որովհետեւ մենք կը գտնուինք ամբողջական պատրաստուածութեան մէջ, ցոյց տալու իսկական դիմադրութիւն, որ կը տանի յաղթանակէ-յաղթանակ: Ատիկա Իսրայէլը լաւ գիտէ, եւ մենք, երբ որոշում տանք, կրնանք իրականացնել մեր անկախութիւնը, եւ ազատագրումը մեր հողերուն եւ հպարտութեան, եւ մեր սերունդները կրնանք կրթել մեր ուզած ձեւով», ընդգծեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հարցին` շէյխ Քասեմ նշեց, որ այլեւս կարելի չէ խօսիլ լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան մասին, որովհետեւ, ըստ ներկայ տուեալներուն, քանի տակաւին կայ կազմութեան որոշակի մեքանիզմ եւ վեթօ, որ կողմ մը կրնայ դնել, կազմութիւնը կը խանգարուի: Ըստ անոր, ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ըլլայ ապագային, որ չենք գիտեր եթէ մօտ է կամ հեռու: Ան անհրաժեշտ նկատեց յիշեցնել, որ կառավարութիւնը ժողովուրդին պահանջն է եւ իսկական կարիքը, եւ երկիրը միայն առջեւ կրնայ երթալ եւ կարգաւորուիլ բարգաւաճման եւ ընկերային մակարդակներու վրայ, եւ լուծել տնտեսական խնդիրները, եթէ կառավարութիւն կայ: Ան յոյս յայտնեց, որ բարդոյթը քակուի, եւ հասնինք ցանկալի նպատակին:

Ապա շէյխ Քասեմ անդրադարձաւ այսօրուան ամերիկեան պատկերին, որ կ՛օժանդակէ Սէուտական Արաբիոյ`  Եմէնի մանուկները սպաննելու իր ոճիրին մէջ, եւ քանդելու երկիրը` անոր տալով կարելիութիւններ, զինամթերք, մասնագէտներ, եւ ասիկա բոլորը Միացեալ Նահանգներու շահերու խորագիրին տակ, առանց նկատի առնելու որեւէ մարդկային պարագայ:

Նախորդը

Տորի Շամունը` Տանի Շամունի Եւ Անոր Ընտանիքին Անդամներուն Նահատակութեան Տարելիցին Առիթով. «Ձեռք-Ձեռքի Բռնենք, Որպէսզի Վերականգնի Լիբանանը»

Յաջորդը

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Տուած Իր Աշխատանքային Այցելութեան Սկսաւ Հանդիպելով Իշխանութեան Երեք Պետերուն Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.