Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի 2800-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

October 22, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի նշումը` այլազան ձեւի նախաձեռնութիւններով: Այս առիթով Երեւանի քաղաքապետը եւ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը յղեցին իրենց շնորհաւորական ուղերձները:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Երեւանի 2800-ամեակը:

Նախագահը իր շնորհաւորանքին մէջ նշեց. «Շնորհաւոր 2800-ամեայ յոբելեանդ, սիրելի՛ Երեւան:
Շնորհաւոր բոլորիս տօնը, սիրելի՛ երեւանցիներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ` Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ:
Երեւանը կը սիրենք անկախ մեր ծննդեան վայրէն, անկախ մեր ապրելու վայրէն:
Երեւանը մեր մէջ է, ինչ որ մեզ կը յուզէ ու կը ջերմացնէ:
Երեւանը մեր ներկան է` երէկուան յիշողութեամբ ու վաղուան վստահութեամբ:
Երեւանը յաւերժական պատմութիւն է ու յաւերժական երիտասարդութիւն:
Սրտցաւ ըլլանք մեր անցեալի ժառանգութեան եւ հոգատար` մեր ապագային հանդէպ:
Հաւատարիմ մնանք Երեւանին:
Ծնունդդ շնորհաւոր, Երեւա՛ն, իմ սէ՛ր»:

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորաբար կը  նշուի.

«Սիրելի՛ երեւանցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին առիթով: Ասիկա ո՛չ միայն Երեւանի բնակիչներուն, այլեւ բոլոր այն մարդոց տօնն է, որոնք կը սիրեն Երեւանը եւ զայն կը նկատեն իրենց հարազատ վայրը: Չէ որ Երեւանը ամբողջ հայութեան մայրաքաղաքն է: Կը ցանկամ, որ մեր Երեւանը, հակառակ իր պատկառելի տարիքին, ըլլայ միշտ երիտասարդ եւ ուժերով լի քաղաք: Այս օրերուն շնորհաւորանքներ կը ստանամ աշխարհի բազմաթիւ անկիւններէ, կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի՛ երեւանցիներ: Կ՛ուզեմ յատկանշել, որ այսօր կանուխ առաւօտեան կը սկսին մեր տօնական միջոցառումները, Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ պիտի ըլլան տարաբնոյթ հանդիսութիւններ, նորաձեւութեան ցուցադրութիւն, թեմատիկ բեմեր, հեծանուավազք, որուն մեկնարկին պիտի մասնակցիմ նաեւ ես: Ամբողջ օրը պիտի շրջիմ մայրաքաղաքին մէջ, պիտի հանդիպիմ ձեզի, պիտի շնորհաւորենք միմեանց ու միասին պիտի տօնենք մեր քաղաքի յոբելեանը: Համոզուած եմ, որ շատ յիշարժան ու յագեցած օր պիտի անցընենք:  Երեկոյեան 19:30-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ գլխաւոր ձեռնարկը` տօնական կալա համերգը, որ, յոյսով եմ, դրական լիցքեր ու հաճելի ակնթարթներ կը պարգեւէ ձեզ: Տօնական երեկոն յագեցած պիտի ըլլայ օրուան խորհուրդով ընտրուած երեւանեան երաժշտութեամբ, նաեւ պատմական անդրադարձով, Երեւանի կենսագրութիւնը եւ մեր օրերու մայրաքաղաքը ներկայացնող բեմականացումներով, իսկ աւարտին` հրավառութիւն:

Եւս մէկ անգամ ի սրտէ կը շնորհաւորեմ, սիրելի՛ երեւանցիներ, կը սիրեմ ձեզ, բոլորիս բարձր տրամադրութիւն», նշուած է Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի ուղերձին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Երեւանի տօնը:

«Շնորհաւոր տօնդ, Երեւա՛ն: Կը սիրեմ քեզ», «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան եւ տեղադրած տեսահոլովակ, ուր խորհրդարանի ներկայիս գործող կազմի ընտրութիւններուն մասնակցած «Ելք» դաշինքի անդամները կը կատարեն «Երեւան-Էրեբունի» երգը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Երեւանի հիմնադրման 2800-րդ տարեդարձին առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

սրտանց կը շնորհաւորեմ Երեւանի հիմնադրման 2800-րդ տարեդարձին առիթով: Երեւանը բերդաքաղաքէն վաղուց դարձած է Արարատի հայեացքին ներքեւ տարածուած եւ արագ զարգացող մեծ ու գեղեցիկ քաղաք, ռազմապաշտպանական կառոյցէն վերածուած է քաղաքաշինութեան ասպարէզին մէջ իրականացուած սխրանքի, ձեռք բերած է թամանեանական եզակի ճարտարապետական դիմագիծ, ստեղծած է իր իւրայատուկ` երեւանեան միջավայրը, եւ ի վերջոյ, անիկա այլեւս համայն հայութեան մայրաքաղաքն է: Ու նաեւ դարձած է բոլորիս սիրոյ, հոգատարութեան եւ հպարտութեան առարկան, որուն զարգացումը խորհրդանշեց Հայաստանի ու հայութեան վերազարթօնքը:

Երեւանը այսօր աշխարհի շատ ու շատ պետութիւններու կայուն զարգացման ճամբով ընթացող մայրաքաղաքներու շարքին է, կ՛ապրի նոր ժամանակներու շունչով, միշտ կը զարմացնէ իր դասական գեղեցկութեամբ:

Երեւանի ծաղկման համար Հայաստանը շատ բան ըրած է, բայց Երեւանն ալ շռայլօրէն փոխհատուցած է այն, եւ իբրեւ մայրաքաղաք` ուղենիշ դարձած է ամբողջ երկրի զարգացման համար` իր կրթական, բժշկական, գիտական, արդիւնաբերական եւ միւս ասպարէզներու մեծ կարելիութիւնները ծառայեցնելով հեռու ու մօտիկ, մեծ ու փոքր բնակավայրերու զարգացմանը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր բոլորիս տօնն է, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին ու իմ անունով կրկին կը շնորհաւորեմ Երեւանի հիմնադրման 2800-րդ տարեդարձին առիթով:

Հպարտանանք մեր մայրաքաղաքի պատմութեամբ, գնահատենք ու պահպանենք ներկան եւ կերտենք Երեւանի վաղուան օրը»:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.