Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Կը Քննադատէ Քարվաճառի Մէջ Սիտնի Աւանը Կառուցելու Ծրագիրը

October 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է «Ազրպէյճանէն գրաւուած Քելբաջար (Քարվաճառ)  շրջանին մէջ» Սիտնի անունով աւան մը կառուցելու, ինչպէս նաեւ «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքները Արազ գետի երկայնքով Հայաստանին միացնող նոր ճամբայ մը հաստատելու մասին հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած տեղեկատուութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենիա.ազ» կայքը:

«Հայաստանի ապօրինի գործունէութիւնը կը հակասէ բանակցային հոլովոյթի ոգիին, ԱՊՀ-ի Տուշանպէի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ վնաս կը հասցնէ տագնապի լուծման միջազգային ջանքերուն:

Նման գործողութիւնները դարձեալ կը ցուցադրեն, որ Հայաստանի խօսքը կը հակասէ անոր գործողութիւններուն, միեւնոյն ժամանակ հաստատելով, որ այդ երկիրը իր ապակառուցողական քայլերով շահագրգռուած չէ բանակցութիւններու միջոցով տագնապի լուծման հասնելու», կը պնդուի նախարարութեան կողմէ չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ աւելի քան 200 սփիւռքահայ (որոնց մեծ մասը` լիբանանահայեր եւ Լիբանանէն հեռացածներ) գործարարներէ կազմուած «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերու մօտաւորապէս 25 հոգինոց խումբը 13-16 հոկտեմբերին այցելած էր Արցախ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ տարիներու գործունէութեան արդիւնքներուն, հանդիպումներ ունենալու Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկելու «Արցախ-2028» խորհրդաժողովի իրականացման մանրամասնութիւնները: Այս այցելութեան առիթով նշուեցաւ, որ շուտով պիտի ներկայացուին Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ բնակավայրի 20 եւ Քարվաճառ քաղաքի 50 բնակարաններու կառուցման նախագծային փաստաթուղթերը: Որովհետեւ Քարվաճառի մէջ իրականացուելիք բնակարանաշինութեան ծրագիրը պիտի իրականանայ աւստրալահայութեան միջոցներով, առաջարկ կայ թաղամասը Սիտնի անուանելու:

Նաեւ, պատուիրակութեան հետ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպման ընթացքին նախագահը յայտնած էր, որ Հայաստանը Արցախին կապող երրորդ` հարաւային մայրուղին պիտի կառուցուի Արաքսի ափամերձ հատուածով:

 

Նախորդը

Զախարովա Հայաստանի Ներքին Հարցերուն Միջամտելու Յանցանքով Կ՛Ամբաստանէ Ամերիկայի Դեսպանը

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծին

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.