Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծին

October 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուած է Ընտրական օրէնսգիրքին եւ յարակից նախագիծերու ծրարին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին:

Քննարկման ներկայ յանձնախումբի բոլոր անդամները միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են նախագիծին:

Քուէարկութենէն առաջ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Կարապետեան դիտել տուած է, որ ինք յանձնախումբի նիստին թեր պիտի քուէարկէ նախագիծին, քանի որ իրենք գաղափարական առումով կողմ են փոփոխութիւններուն: «Մենք լիագումար նիստին կը ներկայացնենք մեր առաջարկները եւ կ՛արտայայտենք մեր դիրքորոշումը քուէարկութեան միջոցով», ըսած է ան:

Ազգային ժողովի պետական-իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գէորգ Կոստանեան եւս կոչ ուղղած է բոլորին` թեր քուէարկելու նախագիծին, «որպէսզի յաջորդ ընտրական շրջագիծը ըլլայ վստահելի եւ երաշխաւորուի բոլոր խնդիրները նկատի ունենալը:

Մինչ այդ, Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու յանձնախումբին մէջ թէժ քննարկում կատարուած է ընդդիմութեան յատկացուող ձայներուն վերաբերեալ: Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծով նախատեսուած է ընդդիմութեան տալ նուազագոյնը 30 տոկոս, սակայն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը առաջարկած է կառավարութեան` այդ շէմը բարձրացնել` սահմանելով 60/40 յարաբերակցութիւնը, այսինքն` իշխանութեան տրուի 60 տոկոս, ընդդիմութեան` 40:

Խմբակցութեան քարտուղար Արմէնուհի Կիւրեղեանը` դիմելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեանին, ըսած է, որ 2/3-ի պարագային այնպէս պիտի ըլլայ, որ մեծամասնութիւն ունեցող քաղաքական ուժը առանձինն կարենայ վաւերացնել սահմանադրական օրէնքները: «Մենք կ՛առաջարկենք այդ շէմը եթէ 3/5 չէ, գոնէ սահմանենք այդ չափը 2/3», յայտնած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ այս առաջարկին նպատակն է միանձնեայ որոշում կայացնելու կարելիութիւն չտալ որեւէ կուսակցութեան:

Յանձնախումբի նախագահ Գէորգ Կոստանեան շատ տրամաբանական նկատած է առաջարկը` դիտել տալով, որ այլապէս բազմակարծութիւն ապահովելու, որոշումներու կայացման եւ երկրի համար ճակատագրական որոշումներ տալու պիտակին տակ կը սահմանուի այնպիսի շէմ, որ եթէ 20 կուսակցութիւն ալ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլայ, անոնք չեն կրնար ազդել որոշումի կայացման վրայ: Ըստ անոր, այդպիսով խորհրդարանի աշխատանքը եւ  բազմակարծութեան իրագործումը կը վտանգուին, ուստի այս հարցին վերաբերեալ ամէն մանրամասնութիւն պէտք է լաւապէս սերտուի:

Արտակ Զէյնալեան տարբեր կարծիքներէ ետք յայտնած է, որ ունեցած են երկու առաջարկ` իջեցնել 20-ի կամ բարձրացնել 40-ի` աւելցնելով, թէ կառավարութիւնը նախընտրած է պահել նոյնը:

Նախորդը

Պաքու Կը Քննադատէ Քարվաճառի Մէջ Սիտնի Աւանը Կառուցելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովը Յայտարարութիւն Ընդունած Է Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.