Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը աւարտած Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի վերջին գնահատականները` զանոնք որակելով Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Լրագիր»-ը:
17 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Զախարովա անդրադարձաւ յատկապէս Միլզի այն յայտարարութեան, որ ամերիկեան դեսպանատունը տասնամեակներ շարունակ աջակցած է շարք մը խումբերու եւ Հայաստանի կառավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու:
«Ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտութեան մասին դեսպանը խօսած է առանց քաշուելու, աւելի՛ն` հպարտութեամբ: Ան փորձած է այն տպաւորութիւնը ձգել, որ այդ բոլորը արդարացուած են եւ կատարուած են բարի նպատակներու համար` Հայաստանը դարձնելու աւելի արդար ու թափանցիկ», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով. «Պահ մը դեսպանը հասկցաւ, որ սխալ ընթացքի մէջ է եւ շտկեց խօսքը` նշելով, որ տեղի ունեցած քաղաքական վերջին փոփոխութիւնները պայմանաւորուած էին ներքին պատճառներով: Դեսպանը խօսած էր նաեւ հայ ժողովուրդի անբեկանելի կամքին եւ փոփոխութիւններուն մասին: Սակայն արդարանալը ուշ էր, որովհետեւ առաջին մասը արդէն ըսուած էր»:
Զախարովա մեկնաբանեց նաեւ Միլզի այն մտահոգութիւնը, որ «Հայաստանի կառավարութեան մէջ ոմանք անհրաժեշտ կը նկատեն սահմանափակ միջոցները կեդրոնացնել բարձր արհեստագիտութեան մարզին վրայ, մինչ երկիրը շահ կ՛ապահովէ գինեգործութեան, զբօսաշրջութեան կամ հանքարդիւնաբերութեան մարզերէն»:
«Եկէք որոշենք, թէ այլ երկիրներու գործերուն միջամտութիւնը լա՞ւ է, թէ՞ վատ», արձագանգեց Զախարովա:



