Պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած Շուէտի գահաժառանգ Վիքթորիա իշխանուհին այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի բարգաւաճման հեռանկարները` ընդգծելով բարգաւաճման ունեցած դրական ազդեցութիւնը` լիբանանեան ընկերութեան վրայ:
Միւս կողմէ, Վիքթորիա իշխանուհին, ընկերակցութեամբ Շուէտի ընկերային հարցերու եւ տարեցներու նախարար Լինա Հալինկրինի եւ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Եորկըն Լինտսթորմի այցելեց Պըրժ Պարաժնէ գաղթակայանը` ստուգելու համար պաղեստինցի գաղթականներուն իրավիճակը:
Վիքթորիա իշխանուհին դիմաւորեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնին, որ իշխանուհիին նուիրեց պաղեստինեան ձեռագործ մը` երախտագիտութիւն յայտնելու համար անոր այցելութեան:
Շուէտի գահաժառանգը ուղղուեցաւ նաեւ Պըրժ Պարաժնէի Եարմուք նախակրթական վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ դպրոցի տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին կողմէ, որոնք դրուատեցին Վիքթորիա իշխանուհիին զօրակցութիւնը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին:
Վիքթորիա իշխանուհին շրջեցաւ Եարմուք վարժարանին մէջ` ստուգելով տիրող կացութիւնն ու պայմանները:



