Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ լը Մեր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման պատճառով ջնջած է իր մասնակցութիւնը Ռիատի ներդրումային խորհրդաժողովին: Այս մասին ան երէկ յայտարարած է «Փիւպլիք Սենա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Նախքան այդ, Միջազգային դրամական ֆոնտի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթին Լակարտ յետաձգեց Միջին Արեւելքի երկիրներ իր ծրագրուած ուղեւորութիւնը եւ յայտարարած է, որ պիտի բացակայի Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք ներդրումային խորհրդաժողովէն: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւըն Մնուչին երէկ իր կարգին յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի Սէուտական Արաբիոյ խորհրդաժողովին:
Մինչ այդ, յայտնի դարձած է, որ գործարարներն ու զանգուածային լրատուամիջոցները կը մերժեն մասնակցիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կազմակերպուող տնտեսական մեծ խորհրդաժողովին, որ յայտնի է իբրեւ «Անապատի մէջ Տաւոս»:
Փորձագէտներու կարծիքով` խորհրդաժողովին մասնակցելէ հրաժարիլը առնչուած է Խաշոկճիի անհետացումէն ետք Ռիատի եւ Ուաշինկթընի միջեւ լարուածութեան սրման:
«Ֆիուչըր Ինվեսթմընթ Ինիշիըթիւ» խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 23-25 հոկտեմբերին, Ռիատի մէջ:
Խորհրդաժողովի պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, որ անցեալ տարի անոր մասնակցած է աւելի քան 90 երկիրներէ 3800 անձ:



