ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները կը հաստատուին Աֆղանիստանի հիւսիսը` Ռուսիոյ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու սահմաներուն մօտ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Նախարարը ընդգծած է, որ Մոսկուան աւելի յաճախ կը ստանայ տուեալներ ամերիկացիներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները Իրաք եւ Աֆղանիստան տեղափոխելու մասին:
Ըստ անոր, Մոսկուայի մտավախութիւնը առնչուած է այն իրողութեան, որ փաստերը կ՛ապացուցեն վերլուծաբաններու այն ենթադրութիւնները, թէ Աֆղանիստանը կ՛ուզեն ՏԱՀԵՇ-ի նոր կեդրոնի վերածել:
«Անոնք կը հաստատուին Աֆղանիստանի հիւսիսը: Ատիկա մօտ է մեր դաշնակիցներուն եւ ռազմավարական գործընկերներուն: Ասիկա լրջագոյն հարց է,» ըսած է ան «Էռ.Թէ.Ֆրանս»-ի, «Փարի Մաչ»-ի եւ «Լը Ֆիկարօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:



