Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԱՌԵՑՆԷ

December 2, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը որոշեց Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել: Հաստատուած պատժամիջոցներուն շարքին են Սուրիոյ քարիւղի եւ կազի ճարտարարուեստին առնչուող կազմածներու արտածման արգելքը, դիւրին վարկերու տրամադրումի արգիլումը, ինչպէս նաեւ 12 անձնաւորութեանց եւ կառոյցներու Եւրոպական Միութեան սեւ ցանկին վրայ զետեղումը:

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոս որոշած է ի պատասխան «սուրիացի ժողովուրդին դէմ եւրոպական անարդարանալի միջոցառումներուն», սառեցնել Միջերկրականի համար համախմբումին իր մասնակցութիւնը: Սուրիա յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան որդեգրած միջոցառումները սուրիական ազգային գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում են եւ սուրիական ներքին հարցերուն անամօթ միջամտութիւն մը, որ «որեւէ առարկայական մօտեցումի վրայ հիմնուած չէ»:

Արաբական լիկան սուրիացի 17 պաշտօնատարներու դէմ ճամբորդութեան արգելք հաստատեց: Այդ պաշտօնատարներուն շարքին են պաշտպանութեան նախարարը եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ազգականները:

Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի մերժեց Դամասկոսի` Արաբական լիկային ուղղած այն ամբաստանութիւնը, թէ լիկան դիտաւորեալ կերպով կը գործէ ի նպաստ Սուրիոյ դէմ միջազգային զինուորական միջամտութեան մը` յայտնելով, որ Դամասկոսի կողմէ արաբական խաղաղութեան ծրագիրի մերժումն է, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի միջազգային լուծման պիտի առաջնորդէ:

Շէյխ Համատ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ վրայ արաբական ճնշումը ի նպաստ Դամասկոսի է, որովհետեւ կ՛ուզենք միջազգային զինուորական միջամտութենէն զգուշանալ, սակայն սուրիական վարչակարգը պէտք է մեզի օգնէ»:

Քաթարի վարչապետը ընդունեց, որ «Արաբական գարնան» մէջ իր երկրին դերակատարութիւնը «անոր համար բազմաթիւ հարցեր եւ բազմաթիւ դրական արդիւնքներ ստեղծած է»` հերքելով, որ Տոհա «Արաբական գարնան» ենթակայ երկիրներուն ներքին հարցերուն կը միջամտէ:

Ֆրանսա ողջունեց սուրիական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ որոշումը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ սուրիական վարչակարգին գործած մարդկային իրաւանց խախտումներուն դէմ դնելու համար Անգարայի յայտարարած պատժամիջոցները եւ այդ խախտումներուն վերջ դնելու «թրքական իշխանութեանց վճռակամութիւնը»:

Մինչ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Իրան Սուրիոյ կ՛օժանդակէ ցոյցերը ճնշելու համար, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ, որ շրջանի կայունութեան շուրջ Սուրիոյ դրացիներուն մտահոգութիւնները տեղին եւ հասկնալի են, սակայն ամէնէն կարեւորը Ասատի հեռացումն է:

Թուրք պետական պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «նոր Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատին տեղ չկայ»` աւելցնելով, որ այդ նոր Սուրիոյ հաստատումը «պարզապէս ժամանակի հարց է»:

Ան աքսոր մեկնած թունուզցի նախագահին ու ըմբոստներուն կողմէ սպաննուած լիպիացի ղեկավարին ակնարկելով ըսաւ, որ «Ասատ ուշ կամ կանուխ պէտք է ընտրանք կատարէ երկու տարբերակներու միջեւ` Զէյնել Ապետին Պըն Ալիի տարբերակին եւ Մոամմար Քազզաֆիի տարբերակին»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդն ու Սուրիական ազատ բանակը առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունեցան: Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած սուրիական Աղեքսանտրեթ նահանգին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ «Սուրիական ազատ բանակին պարտականութիւնը սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելն է եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգին դէմ յարձակում գործելը»: Երկու խմբաւորումները որոշեցին իրենց քայլերը համակարգել: Աւելի՛ն. Սուրիական ազատ բանակը խոստացաւ յարգել Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին «քաղաքական կեցուածքը»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան եւ Քազզաֆին տապալած լիպիացի մարտական ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած է ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած է սուրիական վարչակարգի տապալման ձգտող գործողութեան մէջ Լիպիոյ մասնակցութեան հարցը:

Օրաթերթի կայքէջը իր անցեալ շաբաթ օրուան թիւին մէջ յայտնեց, որ ժողովը գումարուած է Պոլսոյ մէջ` մասնակցութեամբ թուրք պետական պաշտօնատարներու: Սուրիացի ընդդիմադիրները Լիպիոյ նոր վարչակարգի ներկայացուցիչներէն զէնքերու մատակարարման եւ կամաւորներու ուղարկման օժանդակութիւն խնդրած են: Ժողովին մասնակցած լիպիացի աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է. «Զինուորական միջամտութեան գործողութիւն մը կը սպասուի, եւ այդ մէկը պիտի տեսնէք յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին»:

 

Նախորդը

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՍԱԼԵՀԻԻՆ

Յաջորդը

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՄԵԾ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։