Պաքուի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըճ յայտարարած է, որ պատրաստ է իր կեանքը զոհելու յանուն Արցախի` «Ազրպէյճանի շահերը պաշտպանելու համար»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրք դիւանագէտը այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ Թոքատ քաղաքին մէջ` Ազրպէյճանի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ:
«Մենք հայ-թրքական սահմանը փակած ենք Ազրպէյճանի համար: Աշխարհի վրայ չկայ երկրորդ այդպիսի օրինակ, որ պետութիւն մը փակէ իր սահմանը յանուն այլ պետութեան մը: Ասիկա կը վկայէ այն մասին, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը որքան մօտ են իրարու», ըսած է նախկին դեսպանը, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչը եղած է 2008-2012 թուականներուն:
Ան աւելցուցած է, որ պատրաստ է պայքարելու յանուն Ազրպէյճանի` չխնայելով նոյնիսկ իր կեանքը Արցախի «վերադարձին համար»:



