Միացեալ Նահանգներ ընդլայնած են Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ցանկը: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած տուեալները:
Նոր պատժամիջոցներ հաստատուած են քսան ընկերութիւններու եւ դրամատուներու դէմ, որոնք, ըստ ամերիկեան կողմին, ելեւմտական աջակցութիւն կը տրամադրեն «Պասիժ» կիսառազմական կազմակերպութեան, որ մաս կը կազմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին:
Իրանի Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտոլնասեր Հեմաթի նախապէս յայտարարած էր, թէ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները առանձնաբար ազդեցութիւն չունին Թեհրանի քարիւղային գործունէութեան եւ ելեւմտական համակարգին վրայ:



