Խրիմի Քերչ քաղաքի քոլեճին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 13 զոհեր եւ շուրջ 50 վիրաւորներ, որոնցմէ 20-ը հիւանդանոց տեղափոխուեցան:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ տեղի ունեցած պայթումին հարցով կը քննուի ահաբեկչութեան վարկածը:
«Նախագահին Քերչի մէջ տեղի ունեցածին մասին զեկուցած են տարբեր ծառայութիւններ: Զոհերու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ տուեալները մշտապէս կը ճշդուին», ըսաւ ան:
Փեսքով նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն:
Ռուսիոյ քննչական կոմիտէն աւելի ուշ Խրիմի Քերչ քաղաքի քոլեճին մէջ տեղի ունեցած պայթումը նկատեց ահաբեկչութիւն:



