Թրքական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանը դիմած է Պոլսոյ դատախազութիւն` պահանջելով քրէական գործ յարուցել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Իսթանպուլկերչեկի» կայքը` վկայակոչելով եկեղեցւոյ բանբեր Սեւկի Էրեներոլը, որ նաեւ պատրիարքին դուստրն է:
Թուրք ուղղափառները կը մեղադրեն յունական պատրիարքարանը իր լիազօրութիւններէն դուրս գործողութիւններու եւ Լոզանի դաշինքի խախտումին յանցանքով:
Ըստ Էրեներոլի, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին գործողութիւնները կրնան դառնալ շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ թշնամանքի եւ տագնապներու պատճառ:
Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ Թէոտոսիոս արքեպիսկոպոսը նախապէս բոլոր եկեղեցիներուն կոչ ուղղած էր` անյապաղ միջամտելու Մոսկուայի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւններուն միջեւ վիճաբանութեան, որ, ըստ անոր, յղի է ուղղափառ աշխարհին համար աղէտի վտանգով:
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին Խզեց Հաղորդակցութիւնը
Կոստանդնուպոլսոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հետ
Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին ամբողջութեամբ խզած է միջեկեղեցական հաղորդակցութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Այս քայլը ռուսական եկեղեցւոյ պատասխանն էր Կոստանդնուպոլսոյ հոգեւոր ղեկավարներուն, որոնք ընդառաջելով Քիեւի խնդրանքին, օրեր առաջ ջնջած էին 1686 թուականի որոշումը, որով Քիեւի թեմը յանձնուած էր Մոսկուայի պատրիարքութեան:
Յաջորդ քայլով Կոստանդնուպոլսոյ ուղղափառ եկեղեցին կրնայ անկախութիւն տալ Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ, ինչ որ խիստ քննադատութեան կ՛արժանանայ Ռուսիոյ հոգեւոր ու քաղաքական գործիչներուն կողմէ:
Հարցը նոյնիսկ քննարկուած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ: Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ ուքրանական եկեղեցւոյ անկախութիւն շնորհելու նախաձեռնութիւնը սադրանք է, որ կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահի բանբերը երէկ յայտնեց, որ նախագահ Փորոշենքօ մտադիր է մօտ օրէն խորհրդարանին ներկայացնել օրինագիծ մը, որուն համաձայն, Քիեւի մէջ Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ կալուածը պիտի խլուի ռուս ուղղափառ եկեղեցիէն եւ յանձնուի Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ` «իբրեւ մայր եկեղեցւոյ միութեան խորհրդանշական քայլ»:




