Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Դրուատեց Նասիպի Անցքին Բացումը

October 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց սուրիական եւ յորդանանեան իշխանութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի եղաւ բանալ երկու երկիրները իրարու կապող Նասիպի անցքը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ անցքին բացումը շահաբեր պիտի ըլլայ նաեւ Լիբանանի համար եւ զայն պիտի կապէ արաբական խորքին հետ` արտօնելով, որ լիբանանցիներն ու լիբանանեան արտադրութիւնները հասնին արաբական երկիրներ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Նասիպի այս կենարար անցքին բացումը` անոր փակումէն երեք տարի ետք, պիտի աշխուժացնէ Լիբանանի արդիւնաբերութիւնը` նուազեցնելով Լիբանանէն արաբական երկիրներ արտածելու ծախսը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանի բոլոր պատասխանատուները պէտք է օգտագործեն իրենց տրուած առիթը` օժանդակելու համար Լիբանանի ազգային տնտեսութեան, իրականացնելու քաղաքացիներուն շահերը, ինչպէս նաեւ համախմբուելու ազգային միասնականութեան տեսլականի մը շուրջ` տնտեսութեան աճ արձանագրելու եւ տնտեսական մարզին սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրներն ու տագնապը շրջանցելու նպատակով:

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ քննարկեց քաղաքական, մշակութային եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ 20 յունուար 2019-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք «Արաբական տնտեսական վեհաժողով»-ին նախապատրաստութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնին, որ նախագահ Աունին յանձնեց Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրի պատասխան-նամակը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ Պէյրութի «Արաբական տնտեսական վեհաժողով»-ին պիտի մասնակցի:

Թուէյնի յայտնեց, որ Պաշիր դրուատած է եւ ողջունած նախագահ Աունի կեցուածքներն ու դերակատարութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ:

Նախագահ Աուն ընդունեց բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքը` անոր հանգստեան կոչուելուն առիթով:

Ան բարձր գնահատեց Մալլաքի ջանքերը` անոր զինուորական ծառայութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին ընթացքին:

 

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ . «Պաղեստինեան Դատը Պաշտպանելու Միակ Ազդու Ձեւը Դիմադրութիւնն Է» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակէ Դրական Ուղիով Ընթանալ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.