Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարեց. «Ուքրանիան չէ եղած եւ երբեք պիտի չըլլայ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հողատարածք»:
«Տիեզերական պատրիարքութիւնը վերջերս 17-րդ դարու վերջաւորութեան Քիեւի առաջնորդարանին Մոսկուայի պատրիարքութեան կցումը անօրինական յայտարարեց, եւ յստակ ու աներկփայելի կերպով յայտարարուեցաւ, որ ռուսական ուղղափառ եկեղեցին որեւէ կրօնական օրինական իրաւասութիւն չունի Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ, եւ մեր ուղղափառ եկեղեցին ենթակայ չէ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ», ըսաւ Ուքրանիոյ նախագահը:
«Տեղական եկեղեցւոյ ենթակայութեան հարցը կը վերաբերի երկրի ազգային անվտանգութեան, պետութեան անկախութեան եւ աշխարհաքաղաքական համապարփակ հարցի», ըսաւ Փորոշենքօ` շեշտելով, որ իր երկրին եկեղեցւոյ ռուսական եկեղեցիէն անկախութիւնը մաս կը կազմէ եւրոպամէտ քաղաքականութեան եւ ուքրանական ազգային քաղաքականութեան, որ ուքրանական իշխանութիւնները կը վարեն 4 տարիէ ի վեր:
«Ռուսիոյ եկեղեցիէն անկախութիւնը կը նկատուի ամէնէն կարեւոր դէպքը, որ համարժէք է մեր` Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ջանքերուն, գործընկերութեան համաձայնութեան կիրարկման, մուտքի արտօնագիրներու ջնջման, ԱՊՀ-էն դուրս գալուն եւ Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան ստայօդ համաձայնութեան մերժման», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Յոյն ուղղափառ տիեզերական պատրիարքութիւնը 9-11 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ իր գումարած կրօնական ժողովի ընթացքին որոշեց ջնջել Քիեւի առաջնորդարանը Ռուսիոյ պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ դնող եւ Ռուսիոյ պատրիարքին Քիեւի առաջնորդը նշանակելու իրաւասութիւն տուող 1686-ին որդեգրուած որոշումը: Ժողովը նաեւ անվաւեր նկատեց Քիեւի պատրիարքին եւ եպիսկոպոսապետին կարգալուծութեան մասին Ռուսիոյ պատրիարքի 1992-ին որդեգրած որոշումը:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան կողմէ Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ անկախութիւնը ճանչնալու պատրաստութիւնները Ռուսիոյ պատրիարքութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացուցին տագնապ մը, որուն պատճառով Ռուս ուղղափառ եկեղեցին արգիլեց միացեալ կրօնական արարողութիւններու կատարումն ու Ս. պատարագի ընթացքին Պոլսոյ յոյն պատրիարքի անունի նշումը, ինչ որ քաղաքական աշխարհին մէջ համազօր է դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման:
Այս հարցը ուրբաթ օր քննակուած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պնդած է, թէ ուքրանական եկեղեցւոյ անկախութիւն շնորհելու նախաձեռնութիւնը սադրանք է, որ կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ:



